5 Մայիսին Ֆրանսայի հրապարակէն սկիզբ առաւ «Դիմադրութիւն» շարժումի բազմահազար հանրահաւաքը։ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան տեղեկացուց, որ դժբախտ դէպք է տեղի ունեցած է՝ վրաններէն մէկուն մէջ քաղաքացիներէն մէկը սրտի կաթուածէն մահացած է։

Հաւաքին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ մահացած քաղաքացիին յիշատակը։ Ան ըսաւ, որ քաղաքացին մահացաւ, որովհետև տարածքին մէջ շտապօգնութեան մեքենայ չի կար։ «Քաղաքացին դուրս եկած էր պայքարի, իր կեանքին վերջին ժամերը անցուցած է այս պայքարին մէջ։ Պայքարը պիտի շարունակենք նաեւ՝ յանուն այդ քաղաքացիին յիշատակին», ըսաւ ան։

Իշխան Սաղաթէլեան նաեւ տեղեկացուց, որ այսօր պիտի շարունակուին անհնազանդութեան ցոյցերը հանրապետութեան շարք մը վայրերուն մէջ։ Իսկ այս պահուն փակ է Իջեւան-Երեւան ինքնաշարժի ճանապարհը։ Ան յայտնեց, որ պիտի սկսի երթ դէպի մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներ, որմէ ետք հանրահաւաքը Ֆրանսայի հրապարակին վրայ պիտի շարունակուի։

«Առանց Նիկոլ Հայաստան» վանկարկումներով երթը ուղղուեցաւ։ Երթի ընթացքին կը հնչէին յաղթական պայքարին միանալու կոչեր, հայրենասիրական երգեր։ Նշենք, որ ՀՀ Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան եւս մասնակցած է քայլերթին։

Երթը պահ մը կանգ առաւ ՀՀ ոստիկանութեան շէնքին մօտ, ուր Իշխան Սաղաթէլեան դիմեց ՀՀ ոստիկանութեան՝ նշելով․ «Իշխող քաղաքական խմբակը ամէն ձեւով դրդած է ոստիկանութեան, որ դիմեն բռնութիւններուն»։ Ան կոչ ուղղեց ոստիկաններուն չկատարել Փաշինեանի «ապօրինի» որոշումները․ «Կը զգուշացնեմ Ներքին զօրքերու հրամանատարին, որ տարբեր թելերով կապուած է Նիկոլի հետ, պատասխան պիտի տանք», ըսաւ ան։

Կորիւնի փողոցէն անցնելու ատեն՝ «Դիմադրութիւն» շարժումի երթի մասնակիցները կանգ առին մէկ պատշգամի տակ, ուրկէ դրօշակով իրենց կ’ողջունէր արժանապատիւ մէկ քաղաքացի։ Իշխան Սաղաթէլեան առաջարկեց իջնել եւ միանալ պայքարի երթին։

Քաղաքացին իջաւ եւ առաջնորդեց երթը։ «Տէր ենք մեր հայրենիքին», «Պայքար», «Պայքար» վանկարկումներով քայլերթը հասաւ Ֆրանսայի հրապարակ, ուր հանրահաւաքը շարունակուեցաւ։ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ բաժնուեցան թռուցիկներ, որոնց վրայ QR քոտ էր, որ ներբեռնելով կարելի է տեղեկանալ «Դիմադրութիւն» շարժումի գործողութիւններուն մասին։

Հարթակէն եղաւ առաջարկ՝ պատշգամբներէն Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու դրօշները կախել՝ ի աջակցութիւն այս պայքարին։ Ելոյթներով հանդէս եկան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայող Ռուբէն Պողօսեանի հարազատը՝ Եղիշէ Զաքունցը, Ատրպէյճանագէտ Անժելա Էլիպեկովան, Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, օլիմպիական խաղերու փոխ ախոյեան մարզանքի վաստակաւոր վարպետ Արսէն Ջուլֆալաքեան, ՀՀ Աժ ընդդիմադիր պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեան։ Հանրահաւաքի աւարտին եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան նախ արձագանգեց Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի այսօրուան յօդուածին, ըսելով․ 2018-ին իշխանութեան եկան քու գաղափարներդ կրողներն ու հոգեզաւակները, որոնք Արցախի 72 տոկոսը տուին։ Մեր վիզին որեւէ մեկը, դուն եւ Նիկոլը ոչինչ կրնաք փաթթել», ապա խօսեցաւ վաղուան ընելիքներուն մասին։