Կիրակի, 8 Մայիս 2022-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ իշխանութիւնները խուզարկութիւններու սկսած են Արմավիրի մարզի ՀՅԴ գրասենեակներուն մէջ:

Դաշնակցութեան անդամներէն ոմանց բերման ենթարկած են եւ իրաւապահ մարմիններու վատագոյն աւանդութիւններուն համաձայն «գործ կը կարեն»: Մեր երկու ընկերները արդէն կալանաւորուած են: Անոնք երկուքն ալ երեք պատերազմներու մասնակից են:

«Դիմադրութեան» շարժումը հը շարունակէ իր երթը։ Շաբաթ, 7 Մայիսին, ինքնաշարժային շարժումի մասնակիցներ երթով ուղղուած են Վանաձոր, ուր ժամը 13։00-ին նախատեսուած էր հանրահաւաք: Ինքնաշարժով երթը սկսած է Աշտարակի խճուղէն։ Մինչեւ Վանաձոր հասնիլը՝ երթը կանգ առած է Սպիտակ քաղաքին մէջ։

Սպիտակի մէջ բազմամարդ խումբով, երաժշտութեամբ, աղ ու հացով դիմաւորած են Վանաձոր գացող երթի մասնակիցները։ «Պինդ մնացէք, ժողովո՛ւրդ ջան», ըսած է ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան։ «Առանց թուրքի Հայաստան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», վանկարկած են հաւաքուածները։

«Դիմադրութեան» շարժումին երթը հասած է Վանաձոր, ուր տեղի ունեցած է նախատեսուած հանրահաւաքը։ «Դիմադրութեան» շարժումի հանրահաւաքին ընդառաջ մեծ թիւով ոստիականական ուժեր բերուած են Վանաձոր։ «Վանաձորը Ղարաքիլիսան է, որ ճակատամարտով դէմ դրաւ թուրքին․ մենք այսօր հաւաքուած ենք հոս, որ ըսենք, թէ թոյլ չենք տար, որ ներքին թուրքը յանձնէ Հայաստանը։

Մենք այսօր եկած ենք ըսելու՝ Արցախին՝ «Այո՛», Հայաստանին՝ «Այո՛», թուրք Նիկոլին՝ «Ո՛չ»։ Եկած ենք այսօր ըսելու՝ Նիկո՛լ, վանաձորցին քեզ հովանաւորութիւն չէ տուած Արցախը յանձնելու։ Նիկո՛լ, ծոծրակդ կը տեսնես, բայց Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ չես տեսներ, ծոծրակդ կը տեսնես, բայց Հայաստանը թրքացած չես տեսներ», հանրահաւաքի ընթացքին իր ելոյթին մէջ ըսած է ՀՅԴ ԳՄ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմենուհի Կիւրեղեան։

«Այլևս թուրքին թոյլ պիտի չտանք ղեկավարէ մեր երկիրը, որոշէ մեր երեխաներու ապագան», ըսած է ան՝ հրապարակին վրայ հաւաքուած քաղաքացիներուն հետ վանկարկելով՝ «միութիւն, պայքար, յաղթանակ»։ Հանրահաւաքին ելոյթներով հանդէս եկած են ՀՀԿ ԳՄ անդամ Էտուարտ Շարմազանով, մշակոյթի գործչիչ Ռուբէն Յովհաննիսեան, Վանաձորի աւագանիի անդամ Վահէ Դոխոյեան, «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան։

ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսած է, որ Այստեղ մարզպետ մը ունիք, որ վերջերս մերժած եք, զինք կ’ուզեմ զգուշացնել, որ այդ սադրիչները այս տարածքէն հաւաքէ: Այդ լակոտութիւններուն վերջ տուէք, ձեզի ալ քիչ ժամանակ մնացած է, այդպիսի մանր-մունր բաներով ժողովուրդի շարժումը չենք կասեցներ։ Ան ներկայացուցած է պայքարին ընթացքը եւ ըսած, որ անիկա պէտք է ընդգրկէ ամբողջ Հայաստանի տարածքը․ պէտք է Վանաձորը եւ միւս քաղաքներն ու գիւղերը ոտքի կանգնին, որ կարելի ըլլայ հեռացնել գործող իշխանութիւնները՝ այլ ճանապարհ չկայ։

Ան կոչ ուղղած է ոչ միայն Երեւանի մէջ մասնակցելու ցոյցերու, այլեւ տեղւոյն շրջաններու մէջ ցոյցեր կազմակերպելու։