9 Մայիսի 2022_ին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները այցելած են Եռաբլուր եւ յարգանքի տուրք մատուցած են Շուշիի ազատագրման պայքարին զոհուած հերոսներու յիշատակին:

«Փառք ու պատիւ զոհուած տղոց։ Այս Եռատօնը մեզի համար կը խորհրդանշէ այն վճռականութիւնը, որ ունի հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ՝ պաշտպանելու իր իրաւունքը։

Եւ այսօր այդ իրաւունքի առաջին գիծին վրայ է Արցախը։ Դժուար է ըսել, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս, բայց մէկ բան կը վստահեցնեմ ձեզի, որ այս օրը մեր վճռականութեան վերկանգնումի օրն է, եւ մենք որպէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն պատրաստ ենք աշխարհով մէկ աշխատելու, որպէսզի Արցախը գտնէ իր նախկին աշխուժութիւնը, Արցախը մնայ հայկական եւ երբեք Ատրպէյճանի կազմին մէջ չըլլայ», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։