“Երկիր Մետիա”._«Դիմադրութիւն» շարժումի խումբ մը երիտասարդներ իրազեկման ցոյց իրականացուցած են Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ։

Անոնք մտած են համալսարանէն ներս եւ պատուհանէն կախած են Արցախի դրօշը։

Երիտասարդները «Արցախ», «Ուսանո՛ղ, ոտքի՛» կոչերով շրջած են համալսարանի միջանցքներուն մէջ եւ կոչ ուղղած են ուսանողներուն միանալու իրենց պայքարին։