Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով եւ Հայաստանի ուԱրցախի անվտանգութեամբ անհանգստացած քաղաքացիներուն բողոքի ցոյցերն ու անհնազանդութեան գործողութիւները կը շարունակուին։

10 Մայիսին սկսած «Դիմադրութեան» շարժումին երթը չորս ուղղութիւններով անհնազանդութեան ցոյցերը շարունակուած են։ Երթի մասնակիցները քալած են Երևանի փողոցները։ Անոնք քաղաքացիներուն կոչ ուղղած են միանալու իրենց պայքարին, որովհետեւ միայն միասնական ջանքերով կարելի է արդիւնքի հասնիլ։

«Միասին կրնանք կասեցնել այս իշխանութիւններուն ազգադաւ ընթացքը, Հայաստանը, Արցախը պէտք է ապրին», կ’ըսէին անոնք երթի ընթացքին եւ կը վանկարկէին՝ «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ»։

Քաղաքի տարբեր ուղղութիւններով ոստիկանութիւնը մեծ քանակով զօրք կուտակած էր։ Երթերու ընթացքին պարբերաբար տեղի ունեցած են բախումներ։ Լարուած իրավիճակներ ստեղծուած են քաղաքի շարք մը փողոցներուն մէջ։ Լարուած իրավիճակ ստեղծուած է Երեւանեան լիճին մօտ, երբ երթին մասնակիցները փակած են ճանապարհը:

Ոստիկանները ի վերջոյ յաջողած են ուժով ճամբան վերաբանալ, բերման ենթարկելով տասնեակ ցուցարարներ: Իրավիճակը յատկապէս լարուած է Երեւանի Զէյթուն թաղամասին մէջ, «Երեւան Սիթիի» մօտ։ Ցուցարարները նստած են փողոցին մէջ եւ հայրենասիրական երգ երգած:

Այդ պահուն սեւ եւ կարմիր բերետաւորները առանց զգուշացնելու նետուած են ցուցարարներուն վրայ եւ ուժի կիրարկումով բերման ենթարկած են զանոնք:

«Ինչքան ձերբակալեն, տասնապատիկը պիտի աւելնանք», ըսած է ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան։ Այնուհետեւ իրավիճակը հանդարտած է եւ ընդդիմադիրները շարունակած են իրենց երթը Դաւիթ Անյաղթի փողոցէն:

«Դաւիթ Անյաղթ» փողոցին մէջ գտնուող հիմնարկութիւններու շատ մը աշխատակիցներ միացած են Նոր Նորքից մեկնարկած երթին։

Երթին միացած են նաեւ Եւրոպական տարածաշրջանային ակադեմիայի շարք մը դասախօսներ, ինչպէս նաեւ իրաւագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի դեկանը։