Այսօրուան հանրահաւաքը միայն ընտրական այս փուլին չ՛առնչուիր: Այո՛, ընտրական առումով անհրաժեշտ է ուժերու մէկտեղումը, համախմբումը եւ վերանորոգ զսպանակումով կիրակի օր համայնքի արժանապատուութիւնը պահելու որոշումի առարկայացումը:

Հանրահաւաքը կոչուած է պատասխան ըլլալու բոլոր այն բաժանարարութիւններուն, որոնք համայնք հասկացողութիւնը կը հեգնեն կեթոյով. որոնք համայնքային կեանքը կը նկատեն ժամանակավրէպ. որոնք հայոց լեզուն չեն նկատեր կարեւորագոյն արժէք հայկականութեամբ ապրելու համար. որոնք նոյնիսկ չեն վարանիր միայն անձնաթուղթով ծագումով հայ ըլլալը յայտարարելը:

Տակաւի՛ն. անոնց, որոնք Դաշնակցութեան պատմութիւնը կը տարանջատեն ներկայէն, աւելի ճիշդը` ներկան կը հակադրեն անցեալին: Ու տակաւին անոնց, որոնք հնամաշ կը նկատեն մեր աւանդութիւնները, մեր կրթական համակարգը, մեր համայնքային կեդրոնները, կուսակցութիւններն ու միութիւնները:

Աշխատանք կայ այս արժէքային համակարգէն դուրս, նոյնիսկ անոր հակադրուած ներկայացուցիչներ խորհրդարան հասցնելու: Իսկ խորհրդարանը Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներուն թէ հայ քաղաքական կուսակցութիւններ ներկայացնող թեկնածուներուն համար օրէնսդիր այն հաստատութիւնն է, որ լիբանանեան հանգոյցներուն մէջ միշտ խաղաղարար դեր ունեցած է. միշտ գերադասած է քաղաքական լուծումը բախումներէն եւ միշտ մերժած պետական կառոյցներուն անդամալուծումը:

Որ միշտ գերադասած է համալիբանանեանը հատուածականէն: Բայց նաեւ այն հաստատութիւնը, ուր լիբանանահայ համայնքը ներկայացնող երեսփոխանները ներկայացուցած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման բանաձեւերը:

Անոնք հայկական տօնացոյցի ամէնէն նուիրական օրերը ամրագրած են պետական տօներու շարքին մէջ, մայիս 6-ի վերարժեւորման եւ վերաիմաստաւորման համար ներկայացուցած են օրինագիծ, աշխուժօրէն մաս կազմած են Հայաստան-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման յանձնախումբերուն: Անոնք գիտցած են հաւասարակշիռ կերպով համատեղել լիբանանեան եւ լիբանանահայկական շահերը:

Տէր կանգնած համայնքի իրաւունքներուն եւ պաշտպանած զանոնք բոլոր մակարդակներուն վրայ: Այսօրուան հանրահաւաքը ա՛յս տեսակի առաջադրման, ա՛յս տեսակի պահպանման եւ ա՛յս տեսակի կողմէ ներկայացուած զգալու համախմբումն է ու զօրակցութիւնը: Անձերով չի պայմանաւորուիր այս առաջադրանքը:

Եւ չի սահմանափակուիր այս ընտրութիւններու արդիւնքներուն մէջ: Արժէքներու պահպանման պայքարի վերայանձնառութիւնն է, որ արդի աշխարհի պարտադրած ներկայ միտումներուն մէջ կը թուի, որ շատ աւելի զօրախմբման պէտք ունի: Իսկ զօրախմբումի ցուցանիշը մարդաշատութիւնն է այս պարագային:

Այսօրուան հանրահաւաքը այդ զօրախմբման առարկայական փաստը պիտի արձանագրէ անպայման:

Խմբագրական «Ազդակ»ի

Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ

Խմբագրական.

Հանրահաւաքը` Զօրախմբումի Ազդանշան

Մայիս 13, 2022