Ուրբաթ, 13 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ցաւակցագիր մը յղած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու վարչապետ, Տուպայի գահակալ Շէյխ Մուհամմէտ պըն Ռաշէտ ալ-Մաքթումին եւ Ապու Տապիի գահակալ, զինեալ ուժերու փոխհրամանատար Շէյխ Մուհամմէտ պըն Զայէտ ալ-Նահեանին՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ ալ-Նահեանի մահուան առիթով։

Նախագահ Ասատ իր եւ Սուրիոյ ժողովուրդին անունով ցաւակցութիւն յայտնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եղբայր ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան։ Նախագահ Ասատ ըսած է. «Հանգուցեալ նախագահը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բարգաւաճման եւ երկրին համաշխարհային մակարդակով ակնառու գրաւած դիրքին մէջ։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ժողովուրդն ու ողջ արաբ ժողովուրդը միշտ պիտի յիշեն հանգուցեալը եւ անոր պատուաբեր ձեռքբերումները»։