«Ազդակ». – Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները դարձան իրականութիւն:

Ընտրութիւնները կատարելու յանձնառութիւնը դարձաւ ճշմարտութիւն, եւ ընտրուեցաւ նոր խորհրդարան, որ դէմ յանդիման պիտի գտնուի բազում մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ բարեկարգումներ իրագործելու գրաւականին դիմաց:

Երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին Լիբանանի 15 ընտրաշրջաններուն մէջ քուէակեդրոնները բացուեցան, եւ ամբողջ օրուան ընթացքին լիբանանցիները քուէարկեցին:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը երեկոյեան ժամը 10:00-ին յայտարարեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը հասած է 41,04 առ հարիւրի:

Կը նախատեսուի, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները հրապարակուին այսօր: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ուղղուեցաւ Հարեթ Հըրէյք, ուր ան կատարեց քաղաքացիական իր պարտականութիւնը:

Քուէարկելէ ետք նախագահ Աուն շեշտեց, որ քաղաքացիին պարտականութիւնն է քուէարկել` ընդգծելով, որ քաղաքացին չի կրնար չէզոք ըլլալ` երկրին վարչակարգը ընտրելու նման հիմնական եւ լուրջ հարցին դիմաց:

Նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ հետեւեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ հետեւեցաւ իրեն հասած ապահովական տեղեկագիրներուն, որոնք կը վերաբերէին երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած ապահովական խախտումներուն: