“Անթիլիաս”._Երկուշաբթի, 16 Մայիս 2022-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ), Քաթարի եւ Շրջակայից թեմին, նամակ յղեց ԱՄԷ նորընտիր նախագահին՝ վսեմաշուք Շէյխ Մուհամմատ Պըն Զայէտ Ալ-Նահեանի՝ շնորհաւորելով անոր նախագահական ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ ԱՄԷ ժողովուրդը։
 
Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեց տարիներ առաջ ԱՄԷ մէջ նորընտիր նախագահին հետ ունեցած հանդիպումը եւ իր ու երկրի հայ համայնքին զօրակցութիւնը յայտնեց անոր։ Նամակի աւարտին, Հայրապետը յաջողութիւն ու արեւշատութիւն մաղթեց նախագահին, ինչպէս նաեւ առաւել բարգաւաճում ու յառաջդիմութիւն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն։