Այո՛, իրաւացի էք, Դաշնակցութիւնը ահաբեկչական կուսակցութիւն է, որովհետեւ  վերականգնեց մեր ազգին զգետնուած արժանապատուութիւնը, վերաբարձրացուց մեր ճակատները եւ հանգչեցուց մէկուկէս միլիոն նահատակներու հոգիները՝ վրէժի գնդակին արժանացնելով Ցեղասպանութիւնը ծրագրած ու իրագործած ոճրագործները։
Այո՛, իրաւացի էք, Դաշնակցութիւնը ազգասէր կուսակցութիւն չէ, փաստօրէն 1914-1915-ին երբ մեր գիւղերն ու քաղաքները տմարդի թուրքի ասպատակութիւններուն կ’ենթարկուէին, Դաշնակցութիւնը ազգին տէր դարձաւ, նախաձեռնեց Ֆիտայական ու կամաւորական խումբերու կազմաւորման եւ դաշնակցական տղաքը հերոսաբար կռուեցան ու պահեցին ազգին պատիւը։
Այո՛, իրաւացի էք, Դաշնակցութիւնը խաբեպատիր կազմակերպութիւն է, որովհետեւ 132 տարի մեզ խաբեց եւ կը շարունակէ խաբել համոզելով, որ Վանն ու Մուշը, Սասունն ու Կարսը հայկական հողեր են։ Կը համոզէ, որ Արեւմտահայաստանը մեր հայրենիքն է եւ մենք այնտեղ ապրած ենք մեր ծագումէն մինչեւ տեղահանութիւն։ Այնտեղ են մեր Ս.Կարապետը, Ս.Առաքելոցը, Ս.Կիրակոսը, այնտեղ է Սանասարեան վարժարանը, Մարութան ու Մասիսը, Վանայ լիճն ու Ախթամարի Ս.Խաչը։ Դաշնակցութիւնը անիրաւօրէն կը զրպարտէ երբ կը  շեշտէ, թէ անոնք բոլորը հայկական են։
Այո՛, Դաշնակցութիւնը հայրենասէր կուսակցութիւն չէ, որովհետեւ 20-րդ դարու սկիզբը, երբ հայրենիքը գոյութիւն ունենալ-չունենալու ճգնաժամին դէմ յանդիման կը գտնուէր՝ Դաշնակցութիւնը պետականութիւն կերտեց, անկախութիւն հռչակեց, որ գէթ այսօրուան այս փոքր ու անկախ հայրենիքն ունենայինք ու անհայրենիք ազգ չդառնայինք։
Այո՛, իրաւացի էք, դաշնակցականները դաւաճաններ են, որովհետեւ 20-րդ դարու վերջը սկսած Արցախի ազատագրական պայքարին դաւաճանեցին ազգադաւերու սկըզբունքները եւ հոգիները ուսերուն վրայ շալկած փութացին ռազմաճակատ, ազատագրեցին Արցախ հայրենիքը եւ արժանացան նահատակութեան դափնեպսակին։ Անոնց ազգանուիրումը ապազգայիններու համար անհաւատարմութիւն էր։
Այո՛, իրաւացի էք, Դաշնակցութիւնը խելագարներու համախմբում է, որովհետեւ տակաւին կը հաւատայ, որ Արարատ լեռը հայոց սրբազան լեռն է եւ սերունդներ կը դաստիարակէ օր մը Արարատի գագաթին եռագոյնը տեղադրելու ցնորքով։
Այո՛, իրաւացի էք, դաշնակցականները Երեւանի փողոցներուն մէջ յանուն Արցախի հանրահաւաքներ կազմակերպելու փոխարէն թող մեկնէին Արցախ եւ կռուէին։ Իրաւացի էք, որովհետեւ շարժումը կազմակերպող կամ անոր մասնակցող երիտասարդները Արցախի ռազմադաշտին վրայ իրենց նկարները ցոյց մարդկանց չհրապարակեցին, իրենց վիրաւոր մարմինները չցուցադրեցին, Շուշիի ու Հադրութի կորուստով խոցուած հոգիները չնկարեցին, իրենց նահատակ ընկերները հողին յանձնած ժամանակ հայրենիքը փրկելու յոյսը անոնց անշնչացած մարմիններուն հետ չթաղեցին։ Իրաւացի էք, որովհետեւ այդ տղոց համար հայրենիքի սիրոյն պատերազմիլը հայրենիքին ձօնուած դոյզն պարգեւն է եւ ամօթ կը համարեն  պատերազմի մասնակցութիւնը բարձրաձայնելով հայրենիքը պարտքի տակ դնելու տպաւորութիւնը ստեղծել, անոնց հայրենասիրական վեհանձնութիւնը կը մերժէ այդ մօտեցումը։
Այո՛, իրաւացի էք, դաշնակցական տղաքը դիմադրութեան շարժման մէջ իրենց ծաւալած աշխատանքներով իրենց անձնական շահերը կը հետապնդեն, որովհետեւ այդ ազգանուիրեալ անձնուրացներուն անձերը այնքան միախառնուած  են հայրենիքին հետ, որ հայրենիքի շահերը իրենց սեփական շահերուն նման կը հետապնդեն, այնպէս ինչպէս իրենց հայրերն ու եղբայրները իրենց անձնական շահերուն համար իրենց արեամբ ոռոգեցին Արցախի օրհնեալ հողը։
Այո՛, իրաւացի էք, Դաշնակցութիւնը Սփիւռքի մէջ միահեծան քաղաքականութեամբ ինքզինք մենաշնորհ դասելով մենատիրական համակարգ ստեղծեց։ Այս մենատիրական համակարգն է, որ սփիւռքահայը հայ պահեց, տարբեր քաղաքացիութիւններու տէր հայերու ոգին հայ պահեց, օտար ափերու վրայ հայկական դպրոցներ հիմնեց, եկեղեցիներ կառուցեց, հայու ազգային արժէքները շնչող պահեց եւ տարբեր ցամաքամասերու մէջ հայու վարկը շողարձակող դարձուց։
Այո՛, իրաւացի էք, Դաշնակցութիւնը ցնորական կազմակերպութիւն է, որովհետեւ կը շարունակէ պատրաստել Հայ Դատի պատրանքային թղթածրարը զանիկա միջազգային ատեան ներկայացնելու մտադրութեամբ։
Մտէ՛ք Դաշնակցականներու ակումբները, կեդրոնները, ժողովասրահները, տեսէ՛ք ինչեր կը զարդարեն անոնց պատերը, ականջ դրէ՛ք այդ վայրերէն լսուող երգին ու երաժշտութեան, լսեցէ՛ք այնտեղ յաճախողներու խօսած լեզուն ու ծանօթացէ՛ք անոնց մտահոգութիւններուն, յոյզերուն ու երազներուն։
Այս է 132 տարուան կուսակցութեան պատմութիւնը, բայց ի՞նչ բացատրես պատմութեան էջերու անտեղեակին, ի՞նչ յուշես պատմական իրողութիւններու խուլերուն, փաստարկներու համրերուն եւ ինչ-ինչ պատճառներով մաղձով առլի հոգիներուն։
Դաշնակցութիւնը շատ փորձութիւններու ենթարկուած է, խնդիր չկայ, այս ալ կ’անցնի։ Օր կու գայ, երբ յանդգնութիւն կ’ունենաք մօտենալու Դաշնակցութեան եւ ծանօթանալու անոր անցեալին ու ներկային, բարութիւն կ’ունենաք մտերմանալու դաշնակցական ընկերներու հետ, այն ատեն մենք պիտի ներենք ձեզ, որովհետեւ մենք մէկ ազգի զաւակներ ենք եւ չ’ըլլար թշնամիներ դառնանք, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը միասնականութեան սկզբունքին կը հաւատայ եւ իր մեծութեամբ ներել գիտէ։ Այն ատեն մենք կրկին ձեռք պիտի երկարենք ու առաջարկենք բռունցք դառնալ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը երկփեղկումի դէմ կը պայքարի, ան օր մը արեւմտահայու ու արեւելահայու միջեւ տարբերութիւն դնելով պառակտում չյառաջացուց, օր մը զատողութիւն չդրաւ հայրենի հայու եւ սփիւռքահայուն միջեւ։
Օր մը կը սթափիք եւ դարձի կու գաք։
Մարիա Գաբրիէլեան