16 Մայիս 1981-ին կը մահանայ Ուիլիըմ Սարոյեան: Սարոյեանի մահուան լուրը արագօրէն կը տարածուի ողջ ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի մէջ եւ կը հատէ Խորհրդային Հայաստանի սահմանները: Սարոյեանի մահուան լուրը նախ կը հասնի Խորհրդային Հայաստանի վերնախաւին: Այդ օրերու անցուդարձերուն մասին կը պատմէ պետական գործիչ, գրականագէտ Կարլեն Դալլաքեան:
Ան մասնաւորապէս կը յիշէ. «Ամերիկայէն  լուր ստացանք, թէ պիտի բերեն Ուիլիըմ Սարոյեանի աճիւնի սափորներէն մէկը: Մեծ վարպետը կտակած էր՝ իր աճիւնները ամփոփել երեք սափորներու մէջ. մէկը տանիլ Երեւան եւ յանձնել մայր հողին, միւսը թողուլ Ֆրեզնոյի մէջ, իսկ երրորդը օդէն սրսկել Պինկէօլի վրայ, երբ ան ազատագրուի: Գրողի վերջին փափաքի առաջին երկու կէտը իրականացաւ անյապաղ: Պատուիրակութիւն մը ժամանեց Երեւան, իր հետ բերելով աճիւնի սափորը:Արարողութիւնը կատարուեցաւ Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ:
Կարլեն Դալլաքեան «Յուշապատում. դէպքեր, իրողութիւններ, մտորումներ»:
Դժբախտաբար հանրածանօթ գրողին երրորդ փափաքը մնաց անկատար: