Ամերիկեան շարժանկարներու ակադեմիան յայտնած է, որ «Օսքար» հեղինակաւոր մրցանակաբաշխութիւնը 2023-ին տեղի պիտի ունենայ 12 Մարտին, Հոլիուտի «Տոլպի» թատերասրահին մէջ:
95-րդ մրցանակաբաշխութիւնը պիտի հեռարձակուի ABC կայանի ուղիղ սփռումով:
2022-ին «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն շարժանկար» մրցոյթին յաղթած էր «Քոտա» (CODA) շարժանկարը: Ան «Օսքար»-ի  արժանացած է նաեւ «Երկրորդ կարգի լաւագոյն դերասան» եւ «Բեմագրութեան լաւագոյն տարբերակ» անուանակարգերուն մէջ: «Շան իշխանութիւն»-ը (The Power of the Dog) ֆիլմը, որ ներկայացուած էր 12-րդ անուանակարգին մէջ, ստացած է միայն մէկ մրցանակ «Լաւագոյն բեմադրիչ» մրցանակով:
Ամենաշատ «Օսքար»-ի արժանացած ֆիլմը «Տիւն»-ն էր (Dune): Ան մրցանակներ ստացած է «Լաւագոյն էքրանի ազդեցութիւններ», «Լաւագոյն հնչիւնային ձեւաւորում», «Լաւագոյն նկարահանման աշխատանք», «Լաւագոյն բեմադրող նկարչի աշխատանք», «Լաւագոյն մոնթաժ» եւ «Լաւագոյն երաժշտական ձեւաւորում» անուամբ մրցումներուն։