Ս. Էջմիածինի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը` նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, յայտարարութեամբ մը անդրադարձաւ 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Արցախի դիմաց ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն` շեշտելով, որ Հայաստանի իշխանութիւններն ու համազգային կառոյցները պէտք է զգօնութիւն դրսեւորեն, որպէսզի Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը սակարկութեան առարկայ չդառնայ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց դատապարտելի թշնամական վերաբերմունքը Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ, նոյնիսկ եռակողմանի յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք, առ այդ` հրամայական կը նկատուի աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու լոյսին տակ, որ Հայաստանի իշխանութիւններն ու համազգային կառոյցները զգօնութիւն դրսեւորեն, որպէսզի Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը սակարկման առարկայ չդառնայ: Կը շեշտուի, որ կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել ազգային արժանապատուութեան նուաստացման հաշուոյն, հայրենի պետութեան տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ չդադրող ոտնձգութիւններու, ռազմագերիներու առկայութեան, Ազրպէյճանի շարունակական սպառնալիքներու եւ հայատեացութեան քարոզչութեան պայմաններուն մէջ, այլ` խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուի արդարութեան, արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու յարգման սկզբունքներուն վրայ:

«Անկախ առկայ ճնշումներէն եւ արտաքին սպառնալիքներէն, առաւել եւս ներհասարակական բեւեռացուածութեան պայմաններուն մէջ` Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները անհրաժեշտ է, որ չձեռնարկեն հայոց անկախ պետականութիւնը եւ Արցախի ապագան վտանգող քայլերու, չդրսեւորուի զիջողականութիւն ազգի հիմնարար իրաւունքներու եւ պատմական արդարութեան հետապնդման յանձնառութեան մէջ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Լուսարձակի տակ առնելով այն, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը` խիստ մտահոգուած ստեղծուած բարդագոյն իրավիճակով, հայրենիքի մէջ տեղ գտնող ներքաղաքական զարգացումներով եւ ապաւինելով Բարձրեալ Տիրոջ ողորմութեան եւ մեր ժողովուրդի իմաստութեան, կը յորդորէ`

– Առաջնային նկատելու ազգային եւ պետական շահը, գործելու խղճի մտօք եւ պատասխանատուութեամբ, խնդիրներու արժանապատիւ լուծումները փնտռելու բացառապէս մեր համընդհանուր կամքի արտայայտութեան ու համախոհութեան մէջ,

– Հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ ամենայն ջանք ի գործ դնելու` զօրացնելու մեր ազգային միաբանութիւնը` վերացնելով պառակտող հատուածականութիւնը, լծուելու հայրենիքի հզօրացման, միջազգային հարթակներու վրայ եւ ամէնուր հետեւողականօրէն բարձրաձայնելու մեր ժողովուրդի իրաւունքներու ոտնահարման մասին, հետամուտ ըլլալու Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման, պայքարելու յանուն մեր ինքնութեան ու հոգեւոր-ազգային արժէքներու պահպանութեան,

– Ներքաղաքական գործընթացներուն մէջ, խաղաղ հաւաքներուն, անկախ քաղաքական հայեացքներէն կամ պաշտօնական գործառոյթներէն, դրսեւորելու հանդուրժողականութիւն, օրինապահութիւն, յարգանք միմեանց իրաւունքներուն նկատմամբ` բացառելով որեւէ տեսակի բռնութիւն, անհամաչափ ուժի կիրարկում, սադրանք եւ օրինախախտութիւն: Ատելութեան խօսքը, վիրաւորանքը եւ թշնամանքի հրահրումը երբեք բարիք չեն կրնար բերել:

Աւարտին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ հաւատաւոր աշխարհասփիւռ ժողովուրդին` շարունակելու աջակից ու սատար ըլլալ Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն եւ պատրաստակամ յանձնառութիւններով նպաստ ու ներդրում բերելու Արցախի Հանրապետութեան զօրացման, խաղաղ ու ապահով կեանքին: