ՍO Խաչի «էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, մեծարելով հայ մայրերը, այս տարի եւս արժանաւոր կերպով յիշատակեց մայրերուն տօնը Շաբաթ,14 Մայիս 2022-ի յետմիջօրէի ժամը 11։00-ին, «Սալիպ» եկեղեցւոյ սրահէն ներս։
 
Հանդիսութեան ներկայ էին ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի եւ անդամներ՝ Սիրան Ամպարճեան, Շողիկ Տէր Պօղոսեան եւ Հուրի Մուսալլի, ինչպէս նաեւ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Քրիստին Սեդիկեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ խաչուհիներ։
 
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը։
 
Բացման խօսք արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Քնար Քէլլէկեան։ Ան շեշտեց ընտանիքին մէջ հայ մօր դերը, որ կը մարմնաւորուի դաստիարակութեամբ եւ իր զաւակներուն պահպանումին և բարօրութեան ի խնդիր բազում զոհողութիւններով։
Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ հայ մայրը եղած է նեցուկ իր կողակիցին, հայ եկեղեցւոյ, ազգին և հայրենիքին։
 
Օրուան հանդիսավար Նարին Առաքելեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն և հերթաբար հրաւիրեց գեղարուեստական յայտագիրին մասնակիցները։
 
Արդարեւ «Խեղճ Մայրիկ» քերթուածը ասմունքեց Դալար Ապգարեան։
Սերուժ Ղազարեան մեներգեց «Մեր Հայոց Մայրեր»-ը:
Յաջորդաբար երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Ժանէթա Պրունսուզեան (դաշնամուր) «Վաղարշապատի Պարը» եւ «Golden Tango», իսկ Սերժ Պոյաճեան ( ջութակ) «Մայրիկ»։
Օրուան բանախօս Սիրան Ամպարճեան պարզելով հայ մօր առաքելութիւնը դիտել տուաւ, որ հայ մայրը կենաց ծառին նման իր արմատները կը նետէ ամրապինդ և հաստատուն կերպով՝ մայրենի հողին վրայ, թէ հայ գաղութներու մէջ, բերքառատ թէ խոպան դաշտերու վրայ ու կը ծաղկեցնէ զանոնք։
Ան հետեւելով իր նախնիներու ուղիին եւ դէպի բարձունք սլանալով Աստուածահաճոյ շնորհներով կը ծաղկի։
Ամպարճեան ըսաւ, որ հայ կնոջ լոյսը անեղծ մնացած է դարէ դար, լուսաւորած է ստրկութեան տարիներու թանձր խաւարը ու պայծառացուցած է ցեղին ֆիզիքական և բարոյական դիմագիծը։ Վերջապէս ան լուսարձակի տակ առաւ տիպար մայրեր ու մօր կերպարը մարմնաւորող օրինակներ՝ սկսեալ Անահիտ դիցուհիէն, Տիրամայրէն, Այծեմնիկէն հասնելով միջնադարու մեր փունջ մը հերոս մայրերու եւ քոյրերու։
Ապա մէջբերեց բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի հետեւեալ խօսքը. «Կը սիրեմ հպարտութիւնը կիներու մէջ, բայց միայն այն ատեն, երբ յենած չէ ոչնչութեան, այլ հոգիի խորունկ ուժերու…»:
Բանախօսը անդրադառնալով ներկայ նիւթապաշտ ու մակերեսային մօտեցումներով յատկանշուող աշխարհին, կարեւոր համարեց կամաւոր, նուիրեալ ծառայութիւնը մեր առօրեային մէջ, օրինակ բերելով ՀՕՄ-ն ու ՀՕՄ-ուհիները, անոնց մեղուաջան աշխատանքը աշխարհասփիւռ գաղութներու եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ։
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով հանդիսատեսը վայելեց Յովհաննէս Շիրազի «Հրաշք» քերթուածը, զոր տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Ռուզան Սեւերեկլեան։
Սերլի Առաքելեան(դաշնամուր) նուագեց Պեթհովէնի «Le Desir» վալսը։
Ապա Միրէլա Խալիլ ասմունքեց «Մօր Ձեռքերը» քերթուածը։
 
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Շրջ.Վարչութեան ներկայացուցիչ Քրիստին Սեդիկեանը՝ Շրջ. վարչութեան խօսքը ուղղելու։
Ան շնորհաւորեց ջերմութեան և սիրոյ, անձնազոհութեան և ինքնանուիրումի խորհրդանիշ հայ մայրերը, հաստատելով որ անոնք հայրենասիրութեան ու հայրենանուիրումի իտէալներով դաստիարակած են իրենց կորիւնները։ Ապա անդրադարձաւ դար մը ամբողջ տարուող ՀՕՄ-ի ծառայողական գործունէութեան հայ կեանքին մէջ՝ իր հազարաւոր անդամուհիներով եւ բազմաբնոյթ բարեսիրական աշխատանքներով։
 
Ապա Շրջ.վարչութեան ատենապետուհիին եւ ներկայացուցիչ Քրիստին Սեդիկեանի ձեռամբ «Էրեբունի» Մասնաճիւղի 1987 եւ 1988 տարեշրջանէն անդամագրուած վաստակաւոր հետեւեալ խաչուհիները գնահատուեցան յուշանուէրներով. – Արտեմիս Սարգիսեան
Ժուլիէթ Աւագեան
Հուրի Շիրինեան
Սօսի Քիւրտեան
Հերմին Լօշխաճեան
Արփի Կտակեան
Անի Շալաշ
Սոնա Սարգիսեան
Ծովիկ Ճունտուրեան։
Այս առիթով Շրջ. Վարչութեան պատուոյ գիրերով պարգեւատրուեցան վաստակաշատ 2 խաչուհիներ, որոնք 30 եւ աւելի տարիներու ծառայութիւն ունեցած են ՍՕ Խաչէն ներս.-
Արտեմիս Այարեան
Սիլվա Գարակէօզեան:
 
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակի հատումը։
 
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՍՕԽ-ի քայլերգով։
Նարին Պոյաճեան-Առաքելեան