Վեհափառ Հայրապետը աբեղայ ձեռնադրուած եւ օծուած է 1968 թուականին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 50 ամեակին առիթով եւ վերակոչուած՝ Արամ, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան առաջին նախագահին՝ Արամ Մանուկեանի յիշատակին։
 
Անցնող աւելի քան 50 տարիներու ընթացքին, պատմութիւնը վկայ, Նորին Ս. Օծութիւնը Արամեան նո՛յն ոգիով, նո՛յն հաւատքով եւ նո՛յն յանձնառութեամբ ծառայեց ու կը ծառայէ ազգին, հայրենիքին, ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ։
 
Այս առիթով, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Վեհափառ Հայրապետը իր անուանակոչութեան տօնին ուրախ առիթով եւ իրեն կը մաղթենք ամենաբարին ու ամենավսեմը, առողջութիւն եւ երկար ու բեղուն գահակալութիւն։
 
«Պահեա, ո՜վ Տէր, անսասան, զՍուրբ Աթոռն Կիլիկեան.
«Կեցցէ՜, կեցցէ՜ առ յաւէտ, Տ.Տ. Արամ Հայրապետ»։