Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 104-րդ ամեակին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի տնօրինումով, Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ օրուան պատգամը ուղղեց ժողովուրդին:
Պատարագին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի Հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Գնդապետ Արկադի Տօնոյեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Կիրօ Մանոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, ազգային գործիչ Վրէժ Եագուպեան, ազգայիններ, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. բժ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի:
 
Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընթերցուեցաւ Հանրապետական մաղթանքը եւ Սրբազան Հօր ձեռամբ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը օրհնուեցաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ ներկաները պատուեցին եռագոյն դրօշը:
 
Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանը կը կազմէր Պօղոս առաքեալի Գաղատացիներուն գրած նամակի հետեւեալ համարը. «Ամուր պահեցէք այդ ազատութիւնը, եւ վերստին ստրկութեան լուծին տակ մի՛ մտնէք»: Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի արեամբ ձեռք բերուած ազատութիւնը եւ հոգեւոր փրկութիւնը՝ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ազատօրէն ապրելու հրաւէր է իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար: Այլ խօսքով, քրիստոնէական հաւատքը ազատութեան հրաւէր է բոլոր այն ժողովուրդներուն համար, որոնք ստրկութեան լուծին տակ կ’ապրէին: Հայ ժողովուրդը 301-ին ճանչցաւ քրիստոնէական հաւատքը եւ 451-ին վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեայց պատերազմ մղեց եւ պաշտպանեց իր հաւատքը, հայրենիքը, լեզուն եւ մշակոյթը:
 
Մասիս եպիսկոպոս յայտնեց, որ 28 Մայիս 1918 թուականը մեր պատմութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը հանդիսացաւ, երբ խաւարէն լոյսին բացուեցանք, մերժեցինք տկարութիւնը եւ հերոսական պայքարով կերտեցինք ՀՀ անկախութիւնը: Ան նշեց, որ Հայաստանի անկախութեան տօնը ամրութեան եւ գիտակցութեան կոչ է Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ապրող ողջ հայութեան համար՝ արթուն մնալու եւ մեր արժանապատուութեան համար մնայուն կերպով պայքարելու:
 
Սրբազան Հայրը գոհաբանական աղօթք բարձրացուց հայրենիքին փառքը հիւսելու եւ փառաբանելու այն բոլոր հերոսները, որոնք իրենց արեամբ անկախութիւնը կերտեցին: Ան աղօթեց, որ ազգովին հաւատարմութեամբ եւ զոհողութեամբ տէր կանգնինք մեր հայրենիքին՝ Ազատ եւ անկախ Հայաստանին եւ Արցախին: «Յաղթանակած Սուրիայէն մեր ձայները կը միացնենք Հայաստանի մեր ժողովուրդին, որ այսօր անգամ մը եւս արդարութիւն կը պահանջէ, կ’աղօթենք անոնց համար եւ ի պահանջեալ hարկին կը պայքարինք հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան համար», հաստատեց Սրբազան Հայրը:
 
Մարինա Պօղիկեան