Քրիստոնեայ աշխարհին համար Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնէն 40 օրեր ետք նշուող Համբարձման տօնը կ՚իմաստաւորուի բազմաթիւ խորհուրդներով ու կը յիշատակուի յատուկ արարողութեամբ ու տօնախմբութիւններով։
 
 
Հայերուս համար այս տօնին կապուած են ազգային տոհմիկ աւանդութիւններ, որոնք միաձուլուած են այս տօնին կապուած արարողութիւններուն։ Այնպէս ինչպէս Առաքեալները ուրախութիւն ապրեցան Յիսուսի Համբարձման օրը, նոյնպէս ալ ժողովուրդը այս ուրախութիւնն ու ցնծութեան մթնոլորտը ապրած է ու կ՚ապրի պահպանուած աւանդութիւններով, որոնք համ ու հոտ կու տան իւրաքանչիւր տօնի։
 
 
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2022- ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ ուխտագնացութիւն դէպի Ֆապրոնիա կոյսի եկեղեցին, որ կը գտնուի Գամիշլիի մօտակայ Հիմօ գիւղը։
Ըստ հայկական աւանդոյթին, Համբարձման տօնին ժողովուրդը կ՚ուղղուի բացօթեայ պարտէզներ ու յատուկ ծէսերով կը յիշատակէ այս տօնը։
 
 
«Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու յանձնախումբերը կոկիկ յայտագիրով զուարճալի եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցի։ Տեղի ունեցան վիճակաձգութիւն, զուարճալի խաղեր, հարսնցուներուն բաշխուեցան յուշանուէրներ, իսկ ներկաներուն՝ խաչուհիներուն կողմէ պատրաստուած համեղ հիւրասիրութիւն։
 
 
Երգերով եւ խմբային պարերով, հայկական աւանդութիւններով յիշատակուեցաւ Համբարձման տօնը։
ներկաները ոգեւորուած եւ խանդավառ վերադարձան իրենց տուները։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն