Դամասկահայութեան ցնցութիւնը բազմապատկուեցաւ երկու պատմական առիթներու` Մայիս 28-ի փառաշուք տօնակատարութեան եւ սրահի բացման հանդիսութեան զուգադիպութեամբ։
Նոյն օրը, 27 Մայիս 2022-ի երեկոյեան, գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեանի, համալիրի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր տօնակատարութիւն նուիրուած ՀՀ Անկախութեան կերտման 104-ամեակին։
հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Բիւրոյի հայ Դատի եւ քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, Հալէպէն ազգայիններ Վրէժ Եագուպեան, Յարութ Հայրապետեան, Աւետիս Գաթրճեան եւ Միհրան Վարդապետեան, Ազգ.Վարչութեան ատենապետ Սունպուլ Սունպուլեան, ազգային բարերար Սուրէն Վարդանեան, «Ահարոնեան» պատասխանատու Արմէն Ուրֆալեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը։
Օրուան հանդիսավար Վրէժ Թովմասեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր հայրական հոգածութեան համար, դիտել տալով որ ան իր ներկայութեամբ առաւել արժեւորեց տօնակատարութիւնը՝ խնդութիւն եւ յոյս ներշնչելով բոլորին։
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.«Այսօր համախմբուած ենք միասնաբար տօնելու յաղթանակը ՀՀ կերտման 104 -ամեակին, որ իր ստեղծումով ու երկամեայ գոյատեւումով դարձաւ ճակատագրական անկիւնադարձ հայ ժողովուրդին համար։ Հայ ժողովուրդը իր միասնական ու մարտնչող զաւակներուն շնորհիւ մղեց Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերը, որոնք դարձան որոշիչ ազդակները հայ ժողովուրդի ու երկրի ապագային։
Այսօր նորոգելով մայիսեան յաղթանակի մեր ուխտը, միասնական ճիգով շարունակենք մեր պայքարը, յաղթահարելով մեր առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները եւ հզօրացնենք մեր հայրենիքը։ Փա՜ռք անկախութեան եւ ազատութեան ճանապարհին վրայ ինկած մեր նահատակներուն»։
 
«Ահարոնեան» կեդրոնի խօսքը արտասանեց Արմէն Ուրֆալեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ ներկաներուն ու ըսաւ .«Ինչպէս մեր սրտերը պիտի չտրոփեն ուրախութեամբ, երբ համախմբուած ենք « Զաւարեան» համալիրին մէջ միասնաբար յիշատակելու Մայիս 28-ին տօնը։ Մեր դէմքերուն վրայ կ՚ուրուագծուի ժպիտը ի տես սրահի բացումին եւ դամասկահայութեան յառաջընթացին»։
Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց դամասկահայութեան,որ իր լումաներով ու ճակտի քրտինքով կառուցեց այս համալիրը։ Ապա Հայ ժողովուրդի շինարար ոգիին անդրադառնալով ըսաւ.«Մենք շինարար եւ կառուցող ժողովուրդ եղած ենք, քանդուածը շինած ենք։ Դամասկահայութիւնը այս համալիրի վերաշինութենէն ետք կը վայելէ սերունդներու հոգեմտաւոր պատրաստութեան գործընթացին փուլերը։ Այս կառոյցը նիւթական իր արժէքին կողքին, բարոյական արժէք ու դեր ունի եւ պիտի ունենայ։ Այս կը վկայեն ձեր ներկայութիւնն եւ քաջալերանքը»։
 
Ան անդրադառնալով դպրոցի եւ միութիւններու դերակատարութեան նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին, կոչ ուղղեց ծնողներուն քաջալերելու իրենց զաւակները յաճախելու հայկական վարժարան, ուր կը ստանան հոգեմտաւոր կրթութիւն ու գործեն միութիւններէն ներս՝ ստանալով ազգային դաստիարակութիւն եւ այս երկուքը միաձուլուելով ու ներդաշնակուելով կ’երաշխաւորեն ապագայ երիտասարդ մարդուժի պատրաստութիւնը, որ աննահանջ պիտի շարունակէ մեր երթը։
 
Ուրֆալեան արաբերէնով երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ.Պաշար ալ- Ասատին, սուրիական քաջարի բանակին եւ յարգանքի ջերմ զգացումներ՝ նահատակներուն։
 
28 Մայիս պատգամը ուղղեց Հայաստանէն ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան։
 
Բանախօսը նախ պատմական անդրադարձ կատարեց ՀՀ Ա.անկախութեան կերտման իրադարձութիւններուն, լուսարձակի տակ առնելով ՀՅԴ-ի հիմնարար դերակատարութիւնը ժողովուրդը համախմբելու անկախութեան գաղափարին շուրջ, դիտել տալով, որ եթէ չըլլային 1918-ի մայիսեան այդ պատմական օրերուն հայկական բանակը,որ այդ ժամանակ մեր հայրենիքի տարածքին ամբողջ ժողովուրդն էր, եթէ մեր ժողովուրդը թրքական զօրքերուն Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերով չյաղթէր, ի՞նչ պիտի ըլլար իր ճակատագիրը։ Այդպիսի դիրքերուն մէջ յաղթելը հրաշքի համազօր արարք մըն էր, սակայն պատահեցաւ հրաշքը ու կարելի եղաւ կասեցնել թշնամիին յառաջխաղացքը։
Ան խօսելով հայ ժողովուրդի սխրանքներուն մասին ըսաւ.« Համաժողովրդային սխրանքը կարելի է վերագրել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յորդորին ու կոչին, կարելի է վերագրել Արամ Մանուկեանի կոչին ու կազմակերպական տաղանդին, կարելի է վերագրել զինուորական հրամանատարներուն,բայց եւ նաեւ այս սխրագործութիւնը պէտք է վերագրել ժողովուրդի գիտակցութեան. երբ եկած էր ընտրութեան պահը կեանքի եւ մահուան միջեւ, ժողովուրդը մահուան գնով ընտրեց կեանքը»։
Մանոյեան շարունակեց խօսքը ըսելով. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախ գոյութեան երկուքուկէս տարուան ընթացքին ահռելի ճիգով եւ հազարաւորներու արեան գնով ամրագրեց ազգային պետականութեան հիմքերը եւ այն սկզբունքները, ըստ որոնց Հայաստանի Հանրապետութիւնը համայն հայութեան հայրենիքն է եւ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները իրաւունք ունին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ դառնալու ու վայելելու անոր կողմէ պաշտպանուած ըլլալու իրաւունքը»։
Ան շեշտը դրաւ հայաստանի հիմնադրութեան ստեղծման, ձեւաւորման եւ պետականութեան վերականգնան ի խնդիր ՀՅԴաշնակցութեան քաղաքական կամքի եւ ոյժի առկայութեան վրայ ու շեշտեց, որ կարելի չէ տօնախմբել Հայաստանի Հանրապետութեան գոյառումն ու ձեռքբերումները առանց ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը գնահատելու։
 
Բանախօսը ակնարկելով հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակին եւ մարտահրաւէրներուն յայտնեց, որ ներկայ իշխանութիւնը ոչ միայն իր ապիկար քաղաքականութեամբ այլ ծրագրուած դաւադիր վարքագիծով, Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք տակաւին կը շարունակէ կործանարար քայլերու դիմել՝ ոտնահարելով հայրենիքին անվտանգութիւնն ու ժողովուրդին կենսական շահերը, յանձնելով հողային տարածքներ, իսկ այդ հողային կորուստներուն շարանը կրնայ շարունակուիլ իշխանութեան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ ստորագրելիք դաւադրական նոր հաձայնագիրներուն հետեւանքով . «Այսօր շատ ծանր է հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն իրավիճակը։ Թշնամիները նոյնն են՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ու երկուքին հետ տարբեր չափերով մեղսակից այլ պետութիւններ, որոնք բնականաբար կը փորձեն շարժիլ ըստ իրենց ազգային շահերուն։ Այսօրուան հայաստանի իշխանութիւնները եւս մեղսակից են մեր թշնամիներու ծրագիրներու իրականացման գործընթացներուն», ըսաւ Մանոյեան։
Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այսօր, սակայն, մեր տօնախմբութիւնը ունի իւրայատուկ խորհուրդ, որ կը կայանայ տօնակատարութեան ճամբով դէպի ազատ անկախ եւ միացեալ հայաստան հասնելու ուխտի վերանորոգման մէջ, յաղթահարելու այսօրուան մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները, յարատեւօրէն շարունակելու պայքարը՝ հաւատարիմ մնալով Քրիստափոր Միքայէլեանի պատգամին` յարատեւ կռիւ, մինչեւ յաղթանակ»։
 
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Համազգային «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի նորակազմ «Աղթամար» երգչախումբը, ազգային երեք երգով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ երաժիշտ Նաթալի Ասպաթիի։ Երգչախումբի անդամներուն ներդաշնակ կատարումը խանդավառեց ներկաները եւ արժանացաւ բոլորին գնահատանքին։
 
Հուսկ, Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, բարձր գնահատելով ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյանի ներկայութիւնը, որ իր բանախօոսութեամբ առաւել եւս իմաստաւորեց 28 Մայիսի այս տօնակատարութիւնը։
Տէր Մասիս բարձր գնահատեց նորակազմ երգչախումբը, խումբի ղեկավարը, որ բծախնդրութեամբ կատարած է խումբին մարզումը։ Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց երգչախումբի անդամներուն ու ծնողներուն, որոնք գիտակցութեամբ իրենց զաւակները վստահած են համազգայինին։ Ապա գնահատեց նաեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, որ միշտ կը խանդավառէ ձեռնարկները՝ իր շուրջ համախմբելով երիտասարդները։
 
Մայիսեան յաղթանակներուն տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Ազգային յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Դամասկոսէն Մարտօ Գաթըգլեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ հալէպէն ժամանած Ներսէս Թօփճեանի։
 
Ազգային եւ հայրենասիրական զգացումներով յախուռն պահեր ապրեցաւ դամասկահայութիւնը՝ յագեցնելով ազգայնաշունչ մթնոլորտի իր ծարաւը։ Ակնյայտ էր մանաւանդ նորահաս սերունդի ազգային առողջ ոգին։ Մեդ երիտասարդները բեմ բարձրանալով իրենց ձայնը միացուցին երգիչին եւ արտայայտեցին իրենց զօրակցութիւնը հայրենիքին, ուխտելով շարունակել 28 Մայիսի երթը մինչեւ յաղթանակ։
Նշենք, որ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, ի տես երիտասարդներուն խանդավառութեան ու հայրենասիրութեան սփիւռքի այս հեռաւոր ափերուն վրայ, յուզումնախառն զգացումներով ոտքի կանգնեցաւ ու խոնարհեցաւ դիմացը ներկաներուն, որոնք ազգային գաղափարներով ու շունչով դաստիարակած են իրենց զաւակները։
 
Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։