Կազմակերպութեամբ ՀԵ Միութեան, Երկուշաբթի, 30 Մայիսին տեղի ունեցաւ «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հռչակման Էական Նշանակութիւնը» խորագիրով խորհրդաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հալէպահայ միութիւններու եւ ուսումնակրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով Ներսէս Պարսումեան բարի գալուստ մաղթեց մասնակիցներուն, ապա ներկայացուց խորհրդաժողովին նպատակը, հաստատելով որ. «1918-ին հայը իր ճակատագիրը որոշեց ու անկախ պետութիւն կերտեց դարերու ստրկութենէ ետք: Այսօր, շատ նման կացութեան մէջ են Հայաստանն ու Արցախը, ճակատագրական որոշում առնելու խնդրին դէմ յանդիման կանգնած է մեր ժողովուրդը։  Խորհրդաժողովին միտքն ու նպատակն է մեր երիտասարդութիւնը իրազեկ դարձնել ու քննարկել աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակն ու Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշխանութեան պահպանման հարցերը։ Հայրենիքը մեր կարիքը ունի եւ Սփիւռքը իր կարելին պէտք է ընէ, որպէսզի հայրենազուրկ չմնանք»։
Մասնակիցներու ծանօթացումը հետաքրքրական ձեւով տեղի ունեցաւ, իւրաքանչիւրը ամփոփ գիծերու մէջ ծանօթացուց իր դիմացը գտնուող մասնակիցը:
Խորհրդաժողովը կ’ընդգրկէր երեք զեկոյցներ՝
ա- ՀՅԴ-ի Դերը Անկախութեան Հռչակման եւ Երկամեայ Հանրապետութեան Աշխատանքներուն մէջ։ Զեկուցաբեր՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան: Մանոյեան անդրադարձաւ հայ կամաւորական գունդերու ստեղծման, այդ ժամանակուան Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական պայմաններուն, Մայիսեան հերոսամարտերուն, Հանրապետութեան հռչակման եւ կառավարման, պետական կառոյցներու հաստատման ու ամրագրման, ընտրութիւններու եւ քաղաքացիներու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու եւ հարցերու՝  մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը։
բ- ՀՀ Երրորդ Հանրապետութեան Հռչակման Նախադրեալները: Զեկուցաբեր՝ համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս դոկտ. Հուրի Ազէզեան: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն, Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան վարած քաղաքականութեան, Խորհրդային Միութեան փլուզման, աշխարհը միաբեւեռ դարձնելու եւ ազգերը միաձուլելու գերպետութիւններու ձգտումներուն, Համաշխարհայնացման երեւոյթին եւ այս բոլորին լոյսին տակ  Հայաստանի վերանկախացման  ու հայ ժողովուրդի դիմագրաւած տագնապներուն, Արցախեան առաջին պատերազմին ու Հայ Դատի աշխատանքներուն:
գ- Հայաստանի Պետականութեան Ուղենիշները Եւ Զանոնք Ոտնահարել Փորձող Օրուան Իշխանութեան Վարած Քաղաքականութիւնը:
Զեկուցաբեր Կիրօ Մանոյեան ներկայացնելով Հայաստանի մերօրեայ իրավիճակը, խօսեցաւ ՔՊ իշխանութեան վարած  քաղաքականութեան եւ պետականակործան քայլերուն մասին, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով բանակի թուլացումը, արտաքին պարտքի մեծացումը, ժողովրդավարութեան խախտումը՝  երկրի գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւնները Հայաստանի վարչապետին շուրջ կեդրոնացնելու ձգտումները, ՌԴ եւ ԻԻՀ-ի հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումը պետական օրակարգէ դուրս մղելը, Արցախի գծով ոչ-հայանպաստ վարքագիծի դրսեւորումը, ՀՀ տարածքային կորուստները, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի  հետ անհեռանկարային պայմանաւորուածութիւնները եւ այլն։
Իւրաքանչիւր զեկոյցէ ետք մասնակիցները հարցումներ ուղղեցին զեկուցաբերներուն եւ առիթ տրուեցաւ զրոյցի, ինչ որ դրական անդրադարձ ունեցաւ եւ առիթ հանդիսացաւ բազմակողմանի կարծիքներ լսելու եւ զեկուցաբերներուն կողմէ սպառիչ պատասխաններ ստանալու:
Խորհրդաժողովի աւարտին, մասնակիցները լուծեցին կազմակերպիչ կողմին պատրաստած խորհրդաժողովի արժեւորման հարցաշարը, ուր մասնակիցները իրենց կարծիքը ներկայացուցին խորհրդաժողովին մասին եւ առաջարկներ արձանագրեցին:
Կիթառ Աւընեան