Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 6։30- ին, ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 104-ամեակին նուիրուած շքեղ տօնակատարութիւն, մասնակցութեամբ ազգային երգերու մեկնաբան, հալէպահայ Մարիա Չիչեան- Պայրամեանի։
Հանդիսութեան ներկայ էին Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Պատկան Մարմինի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը։
Հանդիսավարներ՝ Անդրանիկ Արսէնեան եւ Արեգ Պետրոսեան ժողովուրդը հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անկախութիւնը կերտող անմահ նահատակներուն, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։ Ապա ազգային երգերու նուագակցութեամբ սկաուտները տողանցեցին շրջափակէն ներս, խանդավառելով ներկայ ժողովուրդը, բարձրացնելով Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները։
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Յակոբ Պարսումեան, որ ըսաւ, թէ 1918-ի Մայիս 28-ի Մայիսեան հերոսամարտերով, Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով, Ղարաքիլիսայով ծնունդ առաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը եւ այսպէս ունեցանք միջազգայինօրէն ճանչցուած պետականութիւն մը։ Այսօր համայն հայութիւնը՝ հայաստանով, Արցախով եւ Սփիւռքով անգամ մը եւս կը յիշէ ազատութեան ճանապարհին ինկած մեր հերոսները, որոնք թրքական հալածանքներէն չսպառեցան, ծունկի չեկան, այլ հանրապետութիւն կերտեցին։ Պիտի չմոռնանք մեր նահատակներուն կտակը, ձեռք-ձեռքի տուած պողպատեայ կամքով պայքարը պիտի շարունակուի ազգային միանակամութեամբ, փշրելու նենգ բռնութեան շղթաները, պահպանելու Հայրենիքի սահմանները եւ ազատ անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականով շարունակելու մեր ուղին:
Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երևան»-էն հատուածներ ասմունքեցին ՍԵՄ-ականներ՝ Մերի Սարգիսեան, Յակոբ Գասպարեան, Հրակ Թէօքմէճեան եւ Վանա Թէօքմէճեան։ Անոնք տպաւորիչ առոգանութեամբ հանդէս գալով արժանացան ներկաներու ծափողջոյններուն։
Ազգային-Յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ հալէպահայ մեկնաբան Մարիա Չիչեան-Պայրամեան, որ դիւթիչ եւ հմայիչ ձայնով մեկնաբանեց շարք մը երգեր, մասնակցութեամբ Համազգայինի «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղի Վանա պարախումբին, գեղ. ղեկավարութեամբ պարուսոյց Նանար Սարգիսեանի։
Հանդիսութեան ընթացքին տեսերիզի ցուցադրութիւնը կը ցոլացնէր Մայիսեան եւ Արցախեան դիւցազներգութիւնները։ Տեսերիզը պատրաստուած էր Մանուկ Դաւիթեանի կողմէ։
Հուսկ Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր հայրական խօսքը ուղղեց, շեշտելով ազգային միասնականութեան եւ Հայրենիքի փրկութեան վսեմ գաղափարներուն պահպանման արժէքը ու ըսաւ. «Վախկոտն ամէն օր է մեռնում իմացէք, քաջերը մէկ անգամ փառքով իմացէք, հողը արիւնով են փրկում իմացէք»։
Հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին Հայաստանի քայլերգի միասնական կատարումով։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն