Ուրբաթ, 3 Յունիս 2022-ին, սուրիական «Շամ Ուինկս» օդանաւային ընկերութիւնը հաղորդեց, որ 10 տարուան դադրեցումէն ետք, այսօր Հալէպի Միջազգային Օդակայան ժամանեց Քուէյթէն առաջին օդանաւը։ Նախօրօք, Ընկերութիւնը իր պաշտօնական կայքին միջոցաւ յայտարարեց, որ Հալէպ-Քուէյթ, Քուէյթ-Հալէպ թռիչքները բանիլ պիտի սկսին Ուրբաթ, 3 Յունիս 2022-էն սկսեալ։ Թռիչքները տեղի պիտի ունենան շաբաթը 2 օր։