Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական դոկտ. Այման Սուսան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ֆերշենէնի հետ։ Կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներու գործակցութեան զարգացման միջոցներուն եւ Սուրիոյ իրավիճակին շուրջ։

Անդրադառնալով թրքական իշխանութիւններու թշնամական քաղաքականութեան, Սուսան շեշտեց, որ անմիջապէս պէտք է անոնց վերջ դրուի, որովհետեւ անոնք կը հակասեն միջազգային օրէնքներուն եւ տարածաշրջանին անվտանգութեան կը սպառնան։ Իր կարգին Ֆերշենէն հաստատեց Ռուսիոյ կայուն դիրքորոշումը Սուրիոյ նկատմամբ, յայտնելով, որ Ռուսիա պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ օգնութիւն տրամադրելու եւ սուրիական հողերէն ներս ահաբեկչութեան հոսքի դադրեցման հարցը հետապնդելու։