“Ազդակ”._ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 10 Յունիսին ընտրուեցաւ գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, ինչպէս նաեւ արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի զեկուցաբեր: