Ատրպէյճանի կառավարութիւնը սեփական ընկերութիւնները կը հրաւիրէ ներդրումներ կատարելու Քարվաճառի մէջ` հանքային ջուրի արտադրութեան գործարանի եւ առողջարանի կառուցման նախագիծերուն մէջ: Ատրպէյճանի կառավարութենէն «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնած են, որ ընդհանուր առմամբ նախագիծը կը գնահատուի 1,8 միլիոն տոլարով: «Ներդրողներուն պիտի տրամադրուի պետական աջակցութիւն` արտօնեալ վարկերու, մաքսային եւ հարկային արտօնութիւններու տեսքով», վկայակոչելով Ատրպէյճանի կառավարութեան աղբիւրը` կը տեղեկացնէ ռուսական լրատու գործակալութիւնը: 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած է Ջերմաջուր (ատրպէյճանական անուանումը` Իսթիսու) մեծ բնական աղբիւրը, որ կը գտնուի Թարթառ գետի ափին, Քարվաճառ քաղաքէն դէպի հարաւ: Ջերմաջուրը հարուստ է բնական տաք աղբիւրներով, տեղւոյն հանքային ջուրը ունի բուժական յատկութիւններ եւ բաղադրութեամբ նման է Քարլովի Վարիի եւ Ջերմուկի հանքային ջուրերուն, կ՛օգտագործուի բուժական լոգանքներու համար: Ատրպէյճանի կառավարութեան տուեալներով` երկրի հանքային ջուրի ընդհանուր պաշարներուն 33 առ հարիւրը կը գտնուի Քարվաճառի (Քելբաջար) եւ Բերձորի (Լաչին) շրջաններուն մէջ: