Չորեքշաբթի, 14 Յունիսին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ սկսաւ «Դիմադրութիւն» շարժումին հանրահաւաքը։ Այս առիթով ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան խօսք առնելով ըսաւ. «Հոս ենք՝ շատ կարեւոր հարցերու պատասխանելու, միասին որոշում ընդունելու, յառաջ երթալու համար։ Այդ որոշումները պէտք է ապահովեն մեր շարժումի հետագայ ընթացքը, զարգացումը, նպատակներու վերջնական իրագործումը։

Նպատակը նոյնն է՝ կանխել Արցախի հայաթափումը եւ Հայաստանի թրքացումը, չեզոքացնել Հայաստանի ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգները, իսկ անոր հասնելու համար պէտք է հեռացնել այս չարիքի իշխանութիւնը, ձեւաւորել ազգային իշխանութիւն, որ պիտի կասեցնէ պետականութեան կործանման այս ընթացքը, պիտի ապահովէ երկրի սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, պիտի հաստատէ արժանապատիւ խաղաղութիւն, պետականութիւնը պիտի վերադարձնէ ժողովուրդին, Հայաստանը պիտի դարձնէ արժանապատիւ եւ բարեկեցիկ երկիր։ Ուստի այս շարժումին նպատակը եւ առաքելութիւնը սրբազան են, ու քանի տակաւին վերը նշուած հարցերը չեն լուծուած, այս շարժումը դադար չունի»։

Ապա աւելցուց. «Ֆրանսայի հրապարակը այլեւս Դիմադրութեան շարժումին կը պատկանի՝ անկախ անկէ, թէ այստեղ վրաններ պիտի ըլլան, թէ ոչ։ Մեր ժողովուրդը արդէն նուաճած է Հայաստանի եւ ՀՀ մայրաքաղաքի բազմաթիւ հրապարակներ։ Մենք ցոյց տուած ենք, որ մեզի համար փակ փողոցներ գոյութիւն չունին։

Շարժումին ընելիքները պէտք է բխին առաջադրուած հարցերէն։ Պէտք է պայմաններ ստեղծել, որպէսզի կանխենք յանձնողականութիւնը նոր պայմանագիրի ընդունումը, հասնիլ Նիկոլի հեռացումին՝ հրաժարականի կամ պաշտօնանկութեան միջոցով։ Պայքարը այս երկու ուղղութիւններով պէտք է ըլլայ զուգահեռ»։ Ան ներկայացուց պայքարի հետագայ գործողութիւնները. «Ամէնշաբաթեայ նախաձեռնութիւններ՝ փողոցային ցոյցեր, մասնագիտական քննարկումներ, պարտադիր ժամանակացոյցով եւ օրակարգով հանդիպումներ։

Շարժումի տարածքային եւ ճիւղային ստորաբաժանումներու ձեւաւորում՝ Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ ծրագրաւորուած աշխատանք։ Ապօրինաբար ձերբակալուած եւ կալանաւորուած շարժումի մասնակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար հետեւողական աշխատանք»։

Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծեց, որ այս ամէնուն զուգահեռ պէտք է պատրաստ ըլլալ վճռորոշ զարգացումներու, որոնց պէտք է արագ արձագանգել, հակազդել ու անմիջապէս վերադառնալ փողոցային պայքարի 24-ժամեայ դրութեան։ Ան այնուհետեւ առաջարկեց երթ իրականացնել Երեւանի կեդրոնական փողոցները եւ վերադառնալ Ֆրանսայի հրապարակ՝ ամփոփելու հանրահաւաքը։

Հանրահաւաքի ավարտին Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց «Դիմադրութիւն» շարժումի յառաջիկայ օրերու ընելիքները։