Չորեքշաբթի, 15 Յունիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ ընթացք առաւ Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի միջազգային երկօրեայ 18-րդ բանակցութեան նիստը։ Սուրիական պատուիրակութիւնը նախագահեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական դոկտ. Այման Սաուսան, ռուսական պատուիրակութիւնը՝ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ նախագահի անձնական բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթեւ, իսկ իրանեան պատուիրակութիւնը՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու խորհրդատու Ալի Ասղար Խաճի, ինչպէս նաեւ այլ պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ։ Բանակցութեան օրակարգը կ՚ընդգրկէ Սուրիոյ մարդասիրական, ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակին շուրջ խորհրդակցութիւններ։