Երեքշաբթի, 14 Յունիսին, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան հետ:
ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան ԱՄՆ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան եւ ԿԿ-ի անդամ Հարմիկ Պաղտասարեան:
Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Սեւակ Կարապետեան համառօտ զեկոյց տուաւ Շրջանային Վարչութեան ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ ընթացող աշխատանքներուն մասին: Միտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ շրջանի մասնաճիւղերու աշխուժութեան, սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներուն եւ Նաւասարդեան խաղերուն մասին: Օգտուելով ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերոջ եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու ներկայութենէն Շրջ. Վարչութիւնը քննարկեց նաեւ այլ շրջաններու հետ Արեւմտեան շրջանի գործակցութեան կարելիութիւններն ու անհրաժեշտութիւնը:
Խաժակ Մկրտչեան համառօտ զեկոյց ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակին ու մարտահրաւէրներուն ու հայրենի ժողովուրդի դիմադրութեան շարժումին մասին, լուսարձակի տակ պահելով ուղեկից կազմակերպութիւններու դերակատարութիւնն ու կարեւորութիւնը ներկայ զգայուն պայմաններուն մէջ: