Մեզի՝ շրջանաւարտներուս համար տպաւորիչ էր Ազգ. Միացեալ վարժարանի 2021-2022 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը, որովհետեւ վերջին զանգը պիտի հնչէր ու մենք ցտեսութիւն պիտի ըսէինք մեր սիրելի վարժարանին եւ ուսուցիչներուն ու տնօրէնութեան:
Թուականը որոշուած էր՝ Կիրակի 5 Յունիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահ:
Սրահը լեցուած էր մեր ծնողներով, հարազատներով եւ բարեկամներով, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հիւրերով:
Բացման խօսք արտասանեց Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Զ. կարգի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մարալ Ապլաքեան։ Տիկին Մարալ ըսաւ, որ հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրին ընդմէջէն աշակերտները պիտի գովերգեն հայուն ազատատենչ պայքարին ու գոյատեւման ոգին, ապա շնորհաւորեց շրջանաւարտները, մաղթելով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը շարունակէ իր ուսումնակրթական երթը եւ դառնայ մեր ազգին ու համայնքին պատիւ բերող անդամ։
Հանդիսութեան բեմավարն էր հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Նուշիկ Սողոյեան-Առաքելեան։ Յայտագիրը կ’ընդգրկէր վեց հայերէն եւ արաբերէն հայրենասիրական երգեր, չորս քերթուածներ՝ «Եռագոյնը Շուշուայ Բերդին», «Դարերու Վրէժ», «Ալ-Շահիտ» եւ «Ուաթանի»: Ինչպէս նաեւ հայկական պար՝ «Եարխուշտա»։
Տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց Ազգ. Միացեալ վարժարանի տնօրէնուհի  Զեփիւռ Րէիսեան։ Ան իր խօսքին մէջ ներկայացուց շրջանաւարտներուն վարժարան մուտք գործելու առաջին քայլերը, ուսումնական տարեշրջանի դժուար պայմանները եւ նոր ձեռքբերումներու ու նուաճումներու համար տքնաջան աշխատանքը, ապա շնորհաւորելով շրջանաւարտները կեանքի մեր ուսումնական նոր փուլին համար մաղթեց, որ մեր երկնակամարը ըլլայ պայծառ եւ մեր յաջողութիւնները ըլլան փայլուն ու լուսաւոր։
Եկաւ հանդիսութեան ամէնէն հետաքրքրական պահը եւ հաստատագիրներու բաշխման համար բեմ հրաւիրուեցաւ  Հոգշ. Հայր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան։
Հոգեշնորհ հայր Մանուկին եւ տնօրէնուհիին ձեռամբ շրջանաւարտները ստացան իրենց վեց տարիներու ուսումնական ծրագրի աւարտման հաստատագիրները:
Աւարտին հայր Մանուկ եզրափակիչ իր խօսքին մէջ յիշեց, որ յաջողութիւնը ձեռքբերում կը նկատուի եթէ շարունակուի եւ արդիւնաւորուի,  յաջողութիւնը կը դադրի յաջողութիւն ըլլալէ, եթէ անձը չյարատեւէ եւ չշարունակէ իր սկսած ճամբան: Հայր Սուրբը յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց մեզի՝ շրջանաւարտներուս, ապա Սրբազան Հօր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ու շնորհաւորեց բոլոր ծնողներն ու ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտները:
Յիշենք, որ երգչախումբի գեղ. ղեկավարն էր դաշնակահար Շողեր Օհանեան-Քահքէճեան, իսկ պարուսոյցը՝ Քարմէն Էֆէեան։
Շրջանաւարտ 
Աւետիս Չիլաբօշեան