Շատ փոքր էր երբ անոր Արարատին մասին պատմեցին: Ըսին.
– Այս լեռը մերն է, միշտ մերը եղած է, միշտ մեր դիմացն է, բայց թշնամին գրաւած է զայն, օր մը դուն պիտի ըլլաս զանիկա ազատագրողը:
Այդ տարիքին չհասկցաւ ըսուածը, կը մտածէր. «Ինչպէ՞ս կրնար մեր դիմաց ըլլալ եւ միեւնոյն ժամանակ գրաւուած ըլլալ թշնամիէն»:
Սիրեց Արարատը: Երազեց տեսնել զայն անձնապէս: Երբ թուղթ ու մատիտ տային ձեռքը Արարատը կը գծէր, Մասիսներուն մէջտեղը՝ արեւ, իսկ գագաթներուն վրայ՝ եռագոյն:
Տարիներ անցան: Տեսաւ Արարատը: Ուզեց մօտենալ: Փշաթելերը խանգարեցին: Հեռուէն դիտեց Արարատը: Հեռուէն սիրեց զայն… միշտ հեռուէն…
Հիմա նստած իր որդիին՝ Արարատին, հետ հետեւեալը կը պատմէ.
– Այս քաղաքը մերն է, միշտ մերը եղած է, մեր դիմացն է, բայց թշնամին գրաւած է զայն: Օր մը դուն պիտի ըլլաս Շուշին ազատագրողը:
– Արարա՞տն ալ:
– Արարա՛տն ալ…
* * *
ՍՊԱՍԵՑԻՆ
* Երբ ծնաւ, բոլորը սպասեցին ակռահատիկին:
* Երբ ակռայ հանեց, բոլորը սպասեցին մկրտութեան:
* Երբ մկրտուեցաւ, բոլորը սպասեցին մանկապարտէզի հանդէսին:
* Երբ վկայուեցաւ, սպասեցին նախակրթարանի հանդէսին:
* Այդ ալ ընելէ ետք, սպասեցին միջնակարգի նիշերուն… յաջողեցաւ:
* Պաքալորիան ալ յաջողեցաւ, համալսարանն ալ աւարտեց:
* Հիմա բոլորը կը սպասեն նշանուելուն, որ…
որ խօսելու նոր նիւթ ունենան:
* * *
ԸՍԻՆ
Այս կողմ եկայ, ըսին այս կողմը մեծերուն է վերապահուած
Այն կողմ գացի, ըսին այն կողմն ալ պաշտօն ունեցողներուն է պահուած
Ետեւ անցայ, ըսին հոս տեղդ չէ
Առջեւ գացի, ըսին արդէն ուշացած ես…:
* * *
ՈՒԶԵԼ
Բոլորը ուզեցին իրմէ
Բոլորը պահանջեցին
Ըրաւ բոլորին ուզածը
Կատարեց բոլորին պահանջքը
Մէկը չհարցուց՝ դո՞ւն ինչ կ’ուզես…:
Վեհան Պարսումեան