Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք ըստ օրինի կատարուեցան երկու հանգրուանով, աւարտեցան Կիրակի, 19 Յունիսին:
 
Ֆրանսայի Հայ Դատի բարեկամ թեկնածուները, որոնք կը վայելէին ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբին զօրակցութիւնը, մեծաւմասամբ արձանագրեցին յաջողութիւն, մինչ թրքամէտ եւ ազերիամէտ համարեայ բոլոր թեկնածուները, որոնց դէմ զուգահեռաբար հակաքարոզչական կազմակերպուած աշխատանք տարուած էր, կրեցին ծանր պարտութիւն: Նշենք, որ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մաս կը կազմեն հայազգի չորս պատգամաւորներ՝ Սարա Թանզիլի, Կիյոմ Գասպարեան, Տիտիէ Փարաքեան եւ Աստղիկ Փանոսեան-Պուվէ, որոնց կը մաղթենք ամենայն յաջողութիւն:
 
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ ընթացաւարտ հնգամեակի պատգամաւոր Տանիէլ Ղազարեանին, որ ունեցաւ փայլուն ու արժանապատիւ գործունէութիւն եւ միշտ գտնուեցաւ հայ համայնքի եւ Հայ Դատի կողքին, սատարելով բոլոր կարիքներուն:
 
Յատուկ շնորհաւորութեան արժանի է, անշուշտ, Սարա Թանզիլին, որ Ռոն-Ալփի շրջանէն ընտրուեցաւ պատգամաւոր՝ իշխող նախագահական կուսակցութեան ցանկով: Սարան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ է, փոքր տարիքէն մաս կազմած է Դաշնակցութեան ընտանիքին: Ան ունեցած է ազգային-կուսակցական նկատառելի գործունէութիւն, բայց մանաւանդ՝ Հայ Դատի ծիրէն ներս, իբրեւ Յանձնախումբի աշխուժ անդամ: Ան տնօրէնն է Տեսինի Հայ Մշակոյթի Կեդրոնին:
 
Վստահ ենք, որ Հայ Դատի զօրակցութիւնը վայելող բոլոր պատգամաւորները պիտի շարունակեն հայանպաստ իրենց դիրքորոշումները ցուցաբերել, այս անգամ՝ Ազգային Ժողովի բարձրագոյն ամպիոնէն:
 
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Փարիզ, 20 Յունիս 2022