“Թերթ”._Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հաստատած են սահմանազատման յանձնաժողովի երկրորդ հանդիպումին գծով իրենց պատրաստակամութիւնը եւ չեն ազդարարած կարծեք փոխելու մասին։ Այդ մասին Ուրբաթ, 24 Յունիսին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով Ատրպէյճանի արտսքին գործոց նախարար Պայրամովի հետ բանակցութիւններէն վերջ կատարած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
 
«Ընդամէնը քանի մը շաբաթ առաջ Երեւան իմ այցելութեան ընթացքին մենք խօսեցանք եւ՛ վարչապետին (Նիկոլ Փաշինեանին), ե՛ւ արտաքին գործոց նախարարին (Արարատ Միրզոյեանին) հետ, անոնք հաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը մասնակցելու սահմանազատման յանձնաժողովի երկրորդ հանդիպումին: Այս հանդիպումը համաձայնուեցաւ կատարել Մոսկուայի մէջ , մեր տարածքին մէջ, և մենք այժմ ընտրած ենք ժամկէտեր, որոնք յարմար պիտի ըլլան երկու կողմերուն համար», ըսաւ Լաւրով։
 
«Ես որեւէ ազդանշան չեմ նկատած, որ կողմերը փոխած են իրենց կարծիքը կամ չեն փափաքիր մասնակցիլ այս աշխատանքին», աւելցուցպան։
 
Յիշենք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 23 Մայիսին հրամանագիրեր ստորագրած էին սահմաններու սահմանազատման եւ անվտանգութեան յանձնաժողովներ ստեղծելու մասին։ 24 Մայիսին տեղի ունեցած էր հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հարցերու երկկողմ յանձնաժողովի առաջին նիստը։