Միացեալ Նահանգներու պետական բաժինի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու բիւրօն յայտնած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Էնտրիւ Շոֆեր գործընկերներուն հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: Բիւրոյի Twitter-ի մէջ տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, թէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւ հրաժարած է է մասնակցելու քննարկումին: «ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ԱՄՆ համանախագահը այսօր խօսած է իր գործընկերներուն հետ՝ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի ապագան: Ցաւօք, Ռուսիոյ համանախագահը չէ ընդունած հրաւէրը: Մենք անհամբեր կը սպասենք Մինսքի խումբի աշխատանքներու շարունակուիլը»,- ըսուած է գրառումին մէջ: