ԺԵ.
 
Հալէպի ֆութպոլի հաւաքականի կազմը 1962-1966 տարիներուն արձանագրեց պատմական նուաճումներ եւ ոսկեայ տառերով ճոխացուց Սուրիոյ, մանաւանդ Հալէպի ֆութպոլի պատմութեան շքեղ էջերը:
Հալէպի հաւաքականին մաս կը կազմէին հետեւեալ ՀՄԸՄ-ական եղբայրները.
Անդրանիկ Սիւլիւքճեան, Մորիս Ֆաքըս, Գէորգ Աւընեան, Գօգօ Քիլէճեան, Գրիգոր Սեւտալեան, Սամիր ֆաքըս, Անդրանիկ Մալեան եւ Ճորճիկ Ռաստկէլէնեան: Հետագային խումբին մաս կազմեցին եղբայրներ՝ Անդրանիկ Պահարեան եւ Սերոբ Մերտխանեան:
«Ահլի» ակումբէն խումբին մաս կազմեցին հետեւեալ մարզիկները.
Մուսթաֆա Մուճաուէզ, Ուաէլ Աքքատ, Օմար Քայյալ, Սամիր Հազուանի, Եահիա Հաճճար, Մուհամմետ Հաուաշ եւ հետագային Ֆաթէհ Զաքի:
Սուրիոյ նշանաւոր աստղերէն բաղկացած հաւաքականի այս կազմը յաջողեցաւ փառաւոր իրագործումներ արձանագրել եւ Սուրիոյ ազգային խումբը գերազանցել, ապա նաեւ 1966-ին Սուրիոյ նահանգներու ախոյեանութիւնը խլել։
Ստորեւ կը ներկայացնեմ հաւաքականի կարեւորագոյն նուաճումները.
 
1—Դամասկոսի հաւաքականի կազմին դէմ, Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ բարեկամական մրցումը վերջ գտաւ (1-1) հաւասար արդիւնքով: Հալէպի կոլը առաջին կիսախաղին նշանակեց ՀՄԸՄ-ական եղբ. Ճորճիկ Ռաստկելէնեան, իսկ Դամասկոսի հաւասարութեան կոլը Ահմատ Ալէեան՝ բ. Կիսախաղին։
 
2—Պատմական անմոռանալի հանդիպում Հալէպի հաւաքականին եւ Լիբանանի ազգային խումբերուն միջեւ 18 Ապրիլ 1965-ին, Հալէպ:
Մրցումը աւարտին հասաւ (1-1) հաւասար արդիւնքով: Հալէպի կոլը նշանակեց Ահլիի մարզիկ Սամիր Հազուանի՝ Ա. կիսախաղին, իսկ Լիբանանի խումբը յաջողեցաւ մրցումի վերջին վայրկեաններուն հաւասարութեան կոլը նշանակել, միջազգային խաղացող ՝ Ապու Թալէպին ճամբով:
Մրցումը ղեկավարեց միջազգային իրաւարար Սալէմ Այմաշ:
Հալէպի խումբը յաջողեցաւ ներդաշնակ, տպաւորիչ խաղ ցուցադրել եւ մրցումը իր հակակշռին տակ պահել:
 
3—Երկրորդ հանդիպումը Հալէպի եւ Լիբանանի խումբերուն միջեւ տեղի ունեցաւ Պէյրութի մարզաւանին մէջ, Դեկտեմբերին ե վերջ գտաւ Լիբանանի յաղթանակով՝ (2-1) արդիւնքով, շնորհիւ կեդրոնի միջազգային իրաւարին բացայայտ օժանդակութեամբ:
Յաջորդ օրը Լիբանանի մարզական թերթերը կարեւորութեամբ անդրադարձան այս մրցումին եւ բոլորը անխտիր յայտնեցին, որ երկու կոլերն ալ off side էին: Կարգ մը թերթերու խորագիրները հետեւեալը յայտնեցին.
«Լիբանանի խումբը յաղթեց (2-1) արդիւնքով, սակայն Հալէպ ինքզինք գերազանցեց տպաւորիչ եւ բարձրորակ խաղարկութեամբ»:
Հալէպի միակ կոլը Բ. կիսախաղին նշանակեց եղբ. Ճորճիկ Ռաստկելէնեան։
 
4—Հալէպի եւ Տէր Զօրի հաւաքական կազմերուն միջեւ Սուրիոյ նահանգներու նախավերջին մրցումը Տէր Զօրի մէջ, յետ երկարաձգման, վերջ գտաւ (0-0) հաւասար արդիւնքով։
Քանի մը անգամ դիմուեցաւ փենալթիի եւ Հալէպի խումբը յաջողեցաւ (5-4) արդիւնքով, Մուսթաֆա Մուճաուէզի շնորհիւ, ապահովել աւարտականի մասնակցելու իր տոմսը Դամասկոսի կազմին դէմ:
Այս մրցումէն բացակայեցան եղբ. Ճորճիկ Ռաստկելէնեան եւ Ուաէլ Աքքատ՝ դաշնութեան (ֆետերասիոնի) արտօնութեամբ, քանի որ անոնք մաս կը կազմէին Սուրիոյ «Ռէճի» խումբին, ներքին ապահովութեան խումբին եւ Դամասկոսի մէջ տեղի ունենալիք մրցումին:
 
5—1966-ին, Հոմսի մէջ, իրարաւարարութեամբ միջազգային իրաւարար Նատէր Մաշնուքի, տեղի ունեցաւ Սուրիոյ նահանգներու ախոյեանութեան աւարտական հանդիպումը Հալէպի եւ Դամասկոսի խումբերուն միջեւ:
Հալէպի խումբը խաղի առաջին վայրկեաններուն, շնորհիւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկ Սամիր ֆաքըսին, յաջողեցաւ նշանակել մրցումի առաջին կոլը:
Երկրորդ կիսախաղին Դամասկոսի խումբը, շնորհիւ Աւետիս Գաւլաքեանի, յաջողեցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը: Մրցումի աւարտին Դամասկոսի կազմը լքեց դաշտը՝ արարկելով իրաւարի այն սուլիչին, որ Գաւլաքեանի նշանակած կոլը չեղեալ նկատեց: Միջազգային իրաւարարին համաձայն, ֆութպոլի օրէնքներուն օրինական պայմանաժամը յարգելէ ետք, Դամասկոսի խումբը մերժեց մրցումը շարունակել, հետեւաբար իրաւարարը յայտարարեց մրցումին աւարտը եւ Հալէպի խումբը բարձրացուց ախոյեանութեան 1966-ի բաժակը:
Հոս կարեւորութեամբ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ Դամասկոսի լրիւ կազմը կը ներկայացնէր Սուրիոյ ազգային խումբը, որ աւարտական այս մրցումէն երկու շաբաթ առաջ, Իրաքի մէջ մասնակցած էր արաբական երկիրներու ախոյեանութեան աւարտական մրցումին եւ (2-1) արդիւնքով պարտուած ու գրաւած էր ախոյեանութեան Բ. դիրքը:
Սրտագին խնդրանքս է , որ մեր Տէրը՝ Աստուած երկնքի արքայութեան արժանացնէ խումբին այն մարզիկները, որոնք մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած են եւ առողջութիւն ու երկար կեանք պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք Տիրոջ կամքով կը շարունակեն գոյատեւել:
Ճորճ Ռաստկելէնեան