Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանը, յետ իսրայէլեան հրթիռակոծումին, նորոգուած ու բանիլ սկսած է Հինգշաբթի, 23 Յունիսէն սկսեալ։ Փոխադրութեան նախարարը դիտել տուաւ, որ սուրիացի արհեստաւորներն ու մասնագէտները օրն ի բուն աշխատեցան, տքնեցան ու յաջողեցան վերականգնել օդակայանը։
Արտաքին եւ ներքին բոլոր թռիչքներուն ժամանակացոյցը յստակացած է արդէն։