Երկուշաբթի, 27 Յունիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու նախարար Իյատ Խաթիպ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Պահրէյնի Թագաւորութեան դեսպան Ուահիտ Մուպարաք Սայյարի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան եւ համացանցի արհեստագիտութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութիւնը զարգացնելու միջոցներուն մասին։
Իր կարգին նախարար Խաթիպ շեշտեց, որ Սուրիա զօրավիգ կը կանգնի Պահրէյնի՝ 2023-2026-ի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան միջազգային միութեան խորհուրդին մէջ Պահրէյնի անդամակցութեան քուէարկութիւններուն գծով։