ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարութիւն տարածեց դատարանի դատաւորներու թեկնածուներու հարցին նկատմամբ։
“Ազգային ժողովի մէջ այսօր արտահերթ կարգով քննարկած են Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի առաջադրած` Վճռաբեկ դատարանի դատաւորներու թեկնածուներուն հարցը:
 
Դատաւորները առաջադրուած են այն նոյն պետական կառոյցի կողմէն, որուն հեղինակութիւնը ոչնչացուցած անդամը տակաւին հանդէս պիտի գայ անոր ղեկավար դիրքով. չէ հեռացուած, քրէական հետապնդումի տակաւին չէ ենթարկուած։
 
Դատարաններու մէջ միատեսակ գործելաձեւ ապահովելու առաքելութիւն ստանձնելու թեկնածուներու առաջադրումը Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի նման կազմին, տակաւին նման անդամ-նախագահի պաշտօնակատարի կողմէն փաստած է արդէն իսկ նման կարեւոր իրաւական գործընթացի հեղինակազրկումը:
 
Նկատի առնելով, որ յայտնի ձայնագրութեան հրապարակումով, անոր իրաւապահ համակարգի եւ նոյն ԲԴԽ-ի առնչութեամբ անդառնալի հեղինակազրկող գնահատողական դատողութիւններու հաստատումէն վերջ մինչ օրս Գագիկ Ճհանկիրեան պաշտօնավարած է եւ կը ներկայացնէ այն կառոյցը, որ առաջադրած է դատաւորներու թեկնածուներու եւ, անկախ անկէ՝ ով պիտի ընտրուի, նոյնիսկ իրական արդարադատութիւն իրականացուցած թեկնածուներուն` Վճռաբեկ դատարանի համապատասխան պալատներու պարագային կիրառելի պիտի ըլլայ «թունաւոր ծառի պտուղներու» իրաւական կանոնը”: