Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տէր Մասիս Եպս.Զօպուեանի, Ուրբաթ, 10 Յունիս 2022-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ Ճենարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը ճեմարանի «Ա. Պետիկեան» սրահէն ներս , ներկայութեամբ հոգաբարձութեան անդամներուն, աշակերտներու ծնողներուն եւ հարազատներուն։
 
Բեմահարթակը զարդարուած էր երփներանգ ու բուրումնաւէտ քսաներկու շրջանաւարտ ծաղիկներով։
 
Բեմավարուհի Անի Ճանսըզեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, որ ներկաները մեծ հաճոյքով պիտի վայելեն իրենց զաւակներուն ուսումնական կեանքի առաջին փուլի յաջողութեան բերկրանքը։
 
Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութեամբ ընթացք առաւ հանդիսութիւնը։
 
Ճեմարանի տնօրէնուհի Ծովակ Պաղպուտարեան իր սրտի խօսքը արտասանեց երախտագիտութիւն յայտնելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս.Զօպուեանին՝ ճեմարանին նկատմամբ իր հայրական հոգածութեան համար։
 
Պաղպուտարեան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգաբարձութեան՝ իր ցուցաբերած հոգատարութեան եւ ծառայութեան համար եւ բարձր գնահատեց ուսուցչուհիներուն տարած նուիրեալ աշխատանքը մանկապարտէզէն ներս, դիտել տալով, որ որոնք ազգային գիտակցութեամբ, Մեսրոպաշունչ ոգիով եւ մայրական ջերմ գուրգուրանքով կը դաստիարակեն մեր մանուկները. «Հայը հայրենիքէն հեռու գոյատեւած է շնորհիւ դպրոց-եկեղեցի- միութիւն գործակցութեան եւ ազգային մեր ինքնութեան պահպանման ճիգերուն։ Շնորհակալութիւն ձեզի , թանկագի՛ն ծնողներ, որ ազգային գիտակցութենէն մղուած կը վստահիք ձեր հոգեհատորները հայ դպրոցին, ուր հայեցի եւ ազգային դաստիարակութեամբ ապագայի տիպար երիտասարդը պատրաստելու առաջին սերմերը կը ծլարձակին անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ, ապահովելով մեր ազգի գոյերթը»։
 
Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ պետական տնօրէն Միլատ Նաքուլա, որ բարձր գնահատեց Սուրիական Հայրենիքէն ներս Ազգ. Միացեալ ճեմարանին տարած կրթական նուիրեալ գործը, յատկապէս սերունդները դաստիարակելու ազգային արժէքներով ու ոգիով։
 
Այնուհետեւ աշակերտները սկսան իրենց գեղարուեստական յայտագիրին գործադրութեան մանկապարտէզի քայլերգով, երգեհոնի ընկերակցութեամբ եօթերորդ կարգի աշակերտ Սարգօ Ճանսըզեանին։ Մանուկները հերթաբար ներկայացուցին իրենց սորված երգերն ու պարերը։ Անոնք կենսուրախ ժպիտով ու մանկական շարժուձեւերով պարեցին հայկական, արաբական եւ եւրոպական պարեր , ապա անոնց Նորափթիթ շրթներէն հնչեց քաղցրահնչիւն մայրենին՝ արտասանութիւններու եւ երգերու ընդմէջէն, ցնծութեամբ եւ հպարտութեամբ պարուրելով հանդիսականներուն հոգիները։
 
Մանկապարտիզպանուհի Քնար Յովսէփեան մանկապարտէզի խօսքը ուղղեց։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց ճեմարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան իրենց հոգատարութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, որ ճիգ չի խնայեր դաստիարակելու նոր սերունդը, անոր ջամբելով հայեցի կրթութիւն` հայրենասիրութիւն սերմանելով աշակերտներուն հոգիներուն մէջ։
«Անցնող երեք տարիներուն, մանկապարտէզը դարձաւ մեր մանուկներուն երկրորդ տունը, ուր անոնք ուսուցչուհիներուն գուրգուրանքը վայելեցին, դաստիարակուեցան եւ որպէս նորափթիթ թռչնիկներ թեւեր ստացան ու այսօր մեր սիրելի շրջանաւարտները պիտի թռչին մանկական բոյնէն եւ մուտք գործեն նախակրթարան՝ նոր հորիզոններ յայտնաբերելու ուսումնական իրենց կեանքին ընթացքին»։
 
Հասաւ ժամը վկայականաց բաշխումին։
Բեմ հրաւիրուեցան Ծովակ Պաղպուտարեանը, պետական տնօրէնն ու մանկապարտիզպանուհի Քնար Յովսէփեանը, որպէսզի կատարեն վկայականներու բաշխումը։
 
2021- 2022 տարեշրջանին մանկապարտէզը տուաւ քսաներկու սիրասուն շրջանաւարտներու հունձք մը։ Շրջանաւարտները շողացող աչուըներով ստացան իրենց ուսման առաջին փուլի վկայականը՝ գիտութեամբ զինուած, հաստատ քայլերով ուղղուելու դէպի նախակրթարան, դառնալու կենդանի վկան սփիւռքի ափերուն Ազգ.Միացեալ ճեմարանի ազգապահպան անշեղ առաքելութեան։
 
Սոնա Անտրեան