Հովանաւորութամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Ուրբաթ,17 Յունիս 2022-ի երեկոյեան, «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Եփրատ նախակրթարանի 2021-2022 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը։ Ներկայ էին՝ Արժ.Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան, վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմը եւ շրջանաւարտ աշակերտներու ծնողներ։
 
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Դալար Մարտիրոսեան-Սիմոնեան, որ նախ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ ազգային դպրոցներուն վսեմ առաքելութեան՝ որպէս դարբոց եւ հայախօս սերունդներու եւ միջավայր ազգային դաստիարակութեան։ Ան շեշտեց դպրոցի եւ ծնողներու գործակցութեան կարեւորութիւնը ու խօսքի աւարտին շնորհաւորեց ծնողներն ու աշակերտները, անոնց մաղթելով ուսման մարզին մէջ նորանոր նուաճումներ։
 
Աշակերտները բեմ բարձրացան ներկայացնելով համադրուած քերթուածներ, նուիրուած հայերէնին եւ հայ դպրոցին։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում եւ առաջնակարգ աշակերտներու գնահատում։
 
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն շնորհաւորական բարեմաղթանքներէ ետք ըսաւ. «Դուք ամբողջացնելով փուլ մը ձեր կեանքին մէջ, կ՛ուղղուիք դէպի նոր վարժարան եւ ձեր դիմաց զանազան մարտահրաւէրներ պիտի ծառանան, զորս պիտի յաղթահարէք վճռակամ եւ հաստատ քայլերով։ Դուք ջահակիրներն էք հայ լեզուի եւ պաշտպանը ազգի գոյատեւման։ Պիտի շարունակէք ձեր երթը դէպի փայլուն ապագայ աննկուն կամքով»։
 
Ապա հայր սուրբը հանդէսը փակեց «Պահպանիչ» աղօթքով։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն