“Անթիլիաս”._Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2022-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։
 
Շուրջ երկու ժամ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ կարգ մը գաղութներու առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ամիսներուն իրագործուելիք շարք մը ծրագիներ։