Հալէպի մէջ Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան խումբը իր փոքրիկ, բայց կարեւոր լուման կը ներդնէ մեր հայրենիքի զարգացման եւ զայն միջազգային ասպարէզի մէջ աւելի ճանաչելի դարձնելու աշխատանքներուն մէջ։
 
Առաքելութեան գործունէութեան առաջին օրէն մինչեւ այսօր «Մարդասիրական Ականազերծման եւ Փորձագիտական կեդրոն»-ի ականազերծողները մաքրած եւ սուրիական իշխանութիւներուն յանձնած են ականազերծուած աւելի քան մէկ միլիոն հարիւր տասնվեց հազար քառակուսի մեթր տարածք, յայտնաբերած՝ աւելի քան 900 զինամթերք եւ ենթազինամթերք, այդ կարգին՝ հակահրասայլային եւ հակահետեւակային ականներ, հրետանային արկերու եւ օդային ռումբի մնացորդներ, ուղղորդուած ականներ եւ ինքնաշեէն պայթուցիկ առարկաններ։
Բժշկական խումբը բուժօգնութիւն ցուցաբերած է աւելի քան 45 հազար տեղաբնակներու։
 
Արդարեւ, 3 Յուլիս 2022-ին, Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ Մարդասիրական Առաքելութեան կողմէ ականազերծուած տարածքներու յանձնումը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Հալէպ նահանգի իշխանութեան:
 
Խան Թուման բնակավայրի մօտ 137.000 քառակուսի մեթր ընդհանուր մակերեսով ականազերծուած տարածքը յանձնուեցաւ Հալէպի իշխանութիւններուն՝ առ ի շահագործում: Ըստ Մարդասիրական Ականազերծման Կեդրոնի տուեալներուն, ականազերծման աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած են 74 զինամթերք եւ ենթազինամթերք:
 
Յանձնումի արարողութեան ընթացքին ստորագրուեցան յանձնումի-ստանձնումի վկայականները եւ Հալէպի իշխանութեան յանձնուեցան ականազերծուած տարածքներու քարտէզները:
 
Արարողութեան ներկայ էին Հալէպի փոխնահանգապետ Քումէյթ շէյխ Ասին, Հալէպ տեղակայուած հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնի ղեկավարութիւնը, ՀՀ Հալէպի հիւպատոսը, Հալէպ նահանգի իշխանութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ պաշտօնատար անձինք:
 
Ողջունելով հիւրերը` մարդասիրական առաքելութեան ընդհանուր խումբի պատասխանատու Արկատի Տոնոյեան համառօտ կերպով ներկայացուց կատարուած աշխատանքները եւ հաստատեց անոնց շարունակականութիւնը: