5 Յուլիսին՝ ՀՀ Սահմանադրութեան օրը, «Դիմադրութիւն» շարժումի մասնակիցները հաւաքուած են Արամ Խաչատրեանի արձանին յարակից տաածքին մէջ, ապա երթ իրականացուցած են դէպի Սահմանադրական Դատարան, նախագահի նստավայր եւ Ազգային ժողով: Երթը կը կրէր «Ի պաշտպանութիւն ՀՀ Սահմանադրութեան» խորագիրը:
 
Երթի մասնակիցները առջեւէն կը տանէին «շղթայուած» Սահմանադրութիւնը: Անոնց ձեռքին կային քաղաքական բանտարկեալներու լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ «Ձերբակալութիւններով չէք վախցներ», «Քաղաքական բանտարկեալներու երկիր Հայաստան»՝ գրութիւններով պաստառներ։
 
«Ցաւալիօրէն, Հայաստանի մէջ առկայ իրավիճակին մէջ մենք հեռու ենք այն բաղձալի իրավիճակէն, որ կարենանք ամբողջապէս տօնել մեր Սահմանադրութեան օրը։ Հեռու ենք, որովհետեւ ներկայ իշխանութիւնը իր կառավարման առաջին օրէն սկսեալ հիմքը դրաւ ընտրովի արդարադատութեան, միանձնեայ իշխանութեան, մէկ անձի հրամանները կատարելու միջոցով պետութիւնը ուղղակիօրէն օրինականութեան սահմաններէն դուրս բերելու գործընթացին: Սահմանադրութիւնը դարձաւ ոչ թէ ուղենիշ այս իշխանութեան գործունէութեան, այլ դարձաւ այն հիմնարկը, որ ոտնահարելով ու խեղաթիւրելով այս իշխանութիւնը կը փորձէ ամրապնդել իր աթոռը», երթի մեկնարկին յայտարարեց ՀՅԴ անդամ Սեւակ Նազարեան։
 
5 Յուլիսին ըստ աւանդոյթի մենք զիրար շնորհաւորած ենք Սահմանադրութեան օրուան առիթով, իրաւաբանները առհասարակ միշտ այս օրը նշած են, որովհետեւ իրաւաբանութեան մէջ կայ մէկ հիմնական առանցքային փաստաթուղթ՝ Սահմանադրութիւնը, բայց ցաւօք, մենք այսօր Սահմանադրութեան գերակայութիւն չունենք. Սահմանադրական դատարանի մօտ յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան։
 
 
Երթի մասնակիցները ՍԴ-ի մօտ ձգեցին «շղթայուած» Սահմանադրութիւնը, ապա շարունակեցին քայլերթը դէպի նախագահի նստավայր:
 
Նախագահականի մօտ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան յայտարարեց. Սիրելի հայրենակիցներ, Սահմանադրութեան համաձայն, ՀՀ նախագահը հետեւած է Սահմանադրութեան պահպանումին, բայց այստեղ լուրջ հարց մը կայ, որովհետեւ այստեղ նստող անձը ոչ թէ ՀՀ նախագահն է, այլ ՔՊ խմբակի կողմէն ընտրուած, կամ աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել՝ Նիկոլի կողմէն նշանակուած խամաճիկը:
 
«Ան այստեղ գործուղուած է ոչ թէ Սահմանադրութիւնը պահելու, այլ ՔՊ շահերը պահպանելու համար, ան այստեղ եկած է, որպէսզի լռէ, իր հիմնական առաքելութիւնը ամէն բան տեսնելն ու լռելն է», ըսաւ ան:
 
Այստեղ նստող մարդը պէտք է Սահմանադրութեան ոգին ու տառը պահպանէր, բայց կրկին լռած է, երբ քաղաքական ճգնաժամ կայ, կը հետապնդուի ժողովուրդը, որեւէ մէկը, որ այլախոհ է», ըսաւ պատգամաւորը եւ ցոյց տուաւ քաղաքական բանտարկեալներուն նկարները:
 
Երթի յաջորդ կեդրոնը Ազգային Ժողովն էր: