“Երկիր”._4 Յուլիսին Երեւանի ժամով ժամը 21։15-ին, Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները, տարբեր նաեւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւմտեան, յատկապէս՝ Վայոց ձորի մարզի Խաչիկ գիւղի հատուածին մէջ հաստատուած հայկական մարտական դիրքերը, ինչպէս նաեւ դէպի գիւղ տանող ճամբուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վնասուած է համայնքի ղեկավարի ինքնաշարժը, յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն։ Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կրակը դադրած է։ Հայկական կողմէն տուժածներ չկան։