Աշխատանքային այցելութեամբ Սթրազպուրկի գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ։
 
Հանդիպումներ տեղի ունեցան Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներու, ՀՀ-ԵՄ խորհրդարանական գործակցութեան յանձնաժողովի անդամ Փեթեր Վիտանովի, Եւրոպական Խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Լուքսա Ֆուրլասի եւ Խորհրդարանի ECR քաղաքական խումբի փոխնախագահ Չառլի Վայմերի հետ։
 
Աշխատանքային օրուան աւարտին Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Եւրոպական Խորհրդարանի փոխնախագահ Հեյիտի Հաութալայի հետ։
 
Հանդիպումներուն ընթացքին առանձնայատուկ քննարկումի նիւթ դարձան Հայաստանի ու Արցախի շուրջ առկայ ապահովական մարտահրաւէրները եւ ատրպէյճանական շարունակական յարձակումը։ Իշխան Սաղաթէլեան կարեւոր համարեց Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք իրացման եւ կարգավիճակի հարցը, որպէս Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հակամարտութեան կարգաւորման միջոց։ Շեշտուեցաւ այն միտքը, որ հայ ժողովուրդի համար անընդունելի է որեւէ լուծում, որով Արցախը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։
 
Եւրոպացի գործընկերներուն ներկայացուեցան նաեւ «Դիմադրութեան» շարժումին նպատակներն ու յառաջիկայ ծրագիրները, քննարկուեցաւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը։
 
Իշխան Սաղաթէլեանին այցելութիւնը կ’աւարտի քանի մը օրէն։