“Երկիր Մետիա”._7 Յուլիսին Հայաստան ժամանած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն:
 
Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդանակայանին մէջ գործընկերոջը դիմաւորած է ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։