8 Յուլիսին «Դիմադրութիւն» շարժումի հանրահաւաքին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան: Ան հարցազրոյց տուած է «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռին:
 
Ի պատասխան լրագրողի հարցումին, թէ արդեօք շարժումը մարած է. ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը պատասխանեց.
 
«Ինչպէս յայտարարուեցաւ, ոչինչ մարած է։ Ընդդիմութիւնը իր պայքարի երկրոդ փուլի արժեւորման հանգամանգին մէջ է, եւ այս ցոյցերը, հաւաքները, երթերը, որ տեղի կ’ունենան, պիտի շարունակուին: Յառաջիկայ աշնան նոր թափով պէտք է լծուինք աշխատանքի: Մեզի համար դիմադրութիւնը հիմնուած է ազգային գաղափարական հիմքի վրայ: Սա է ամենակարեւոր արժէքը, որուն համար կը պայքարինք մենք որպէս Դաշնակցութիւն աշխարհով մէկ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր հայրենիքը բացարձակ արժէք է եւ այսպիսի միակողմանի զիջումներով, պատերազմի մէջ պարտուած այս իշխանութիւնները չեն կրնար պաշտպանել հայրենիքին շահերը», ըսաւ ան: