ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ Եւրոպա ժամանած է, 7 Յուլիսին Եւրոպական խորհրդարանի մէջ հանդիպած է Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիւրանտի եւ Խորհրդարանի սոցիալ-դեմոկրատական քաղաքական խումբի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան տեղակալ Փեթրօ Մարքեսի հետ։
 
Հանդիպումի ընթացքին ծաւալուն անդրադարձ կատարուած է Արցախեան հակամարտութեան ներկայ փուլին, ԵՄ միջնորդութեամբ բանակցային գործընթացին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ հանգամանքներուն։
 
Իշխան Սաղաթէլեան կարեւոր համարած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իւրացման ճանաչման անհրաժեշտութիւնը՝ իբրեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման նախադրեալ եւ յայտնած է, որ որեւէ այլ լուծում պիտի հանգեցնէ նոր պատերազմի կամ Արցախի ցեղային զտումի ու հայաթափման:
 
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը նաեւ ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը կ’ուզէ խաղաղութիւն, կը ձգտի անոր, բայց անիկա պէտք է ըլլայ արժանապատիւ, այլ ոչ թէ հայութեան հայրենազրկումի գնով:
 
Հանդիպումի ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան բարձրացուցած է հայ ռազմագերիներուն հարցը, խօսած է ՀՀ ներքաղաքական հարցերուն, ժողովրդավարական գործընթացներուն վերաբերող հարցերու մասին: