Ներկայիս տարածաշրջանի ուժերու դասաւորման մէջ, հայկական կողմը կը գտնուի իր ամէնէն անզէն, անօգնական եւ սնանկ դրութեան մէջ։ Մեր աչքերուն առջեւ բացուող հանրագումարը (bottom line) ողբալի է եւ վիրաւորական։ Մենք պարզապէս դադրած ենք գործօն դերակատար ըլլալէ մեր իսկ ազգային պաշտպանական քաղաքականութեան դիրքերէն։
Պատկերը հետեւեա՛լն է։
(ա) Արեւմուտքը, որուն վրայ իր գրաւը դրած է Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգը, վստահելի նեցուկ չի կրնար ըլլալ Հայաստանի եւ Արցախի համար եւ չէ։ Այն ՀՀ իշխանութիւնը, որ այսօր կ’ապաւինի Արեւմուտքին, սնանկ է եւ պարտուած՝ դեռ այս բարդ ճանապարհի մեկնարկին։ Հայաստանն ու Արցախը պարզապէս գոյութիւն չունին Արեւմուտքի շահերու աղիւսակին մէջ։
(բ) Ռուսիան,-Ուքրանիոյ պատերազմով,- իր դիրքերն է, որ կ’ամրապնդէ Արեւմուտքի եւ Թուրքիոյ դէմ։ Իր առաջնահերթութիւններն են՝ (1) սեպ խրել ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի շահերուն միջեւ եւ ներսէն տկարացնել ՆԱԹՕ-ն։  (2) Իր հակակշռին տակ առնել փանթուրքիզմի բոյները ՌԴ-ի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։ (3) Սեւ Ծովը ազատել Թուրքիոյ մենատիրութենէն։
(գ) Կովկասի կնճիռը շատ աւելի բարդ կը թուի ըլլալ։ Ալիեւ կրցաւ կաշառել Մոսկուայի establishment-ը եւ Մոսկուայէն «գնել» իր յաղթանակը Հայաստանի դէմ…Կը թուի, թէ Մոսկուա իր կրաւորական խաղով «զոհեց» Ռուսիոյ հեռահաս շահերը Կովկասի մէջ։ Իրականութեան մէջ, ան, իր կարգին, առաւելութիւններ ապահովեց ինքզինքին համար Հայաստանի հաշուոյն։ Ան այսօր կախեալի դիրքերուն մէջ կը պահէ Ալիեւը այն յոյսով, որ Մոսկուա ի վերջոյ կը յաջողի Ատրպէյճանը հեռացնել Թուրքիայէն…Այս խաղը դեռ ընթացքի մէջ է։ Շուշիի պայմանագիրը ցոյց կու տայ, որ դժուար եւ կոտորակուած խաղ է ըլլալու այս մէկը։ Բայց ի վերջոյ Մոսկուա լուրջ առիթներ ունի այս մարզին մէջ։ Մոսկուա կարողութիւնը ունի այս խաղատախտակը իր հակակշռին տակ պահելու։
(դ) Ողբերգութիւնը այն է, որ այսօրուան Մոսկուան շատ քիչ արժէք կը կապէ Հայաստանին։ Ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի՝ առայժմ Հայաստան զուրկ է լծակներէ Մոսկուայի մէջ «խաղացող»ի դիրքերէ գործել կարենալու համար։ Այդ իսկ պատճառով, Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի շահերը կը համընկնին Փաշինեանի կապակցութեամբ։ Երկուքն ալ կ’ուզեն Փաշինեանը…Երկուքն ալ կարեւոր կը համարեն Փաշինեանի կերպընկալ վարքագիծը իւրաքանչիւրը իր շահերէն ելլելով։ Իւրաքանչիւրը ԻՐ ՈՒՐՈՅՆ ՅՈՅՍԵՐԸ կը կապէ Փաշինեանի վարչակարգին։ Երկուքն ալ կ’ուզեն Հայաստանը ունենալ իրենց տրամադրութեան տակ որպէս «ծախու ապրանք»…Հետեւաբար երկուքն ալ ամէն ճիգ ըրին եւ կ’ընեն ՀՀ Ընդդիմութեան նախաձեռնութիւնները ձախողեցնելու։
Ներկայիս Հայաստանն ու Արցախը կը գտնուին փակուղիի մէջ։ Եւ ենթակա՛յ՝ ատրպէյճանական եւ թրքական նախայարձակման վտանգներուն։ Առայժմ Ալիեւի յարձակողականը կասեցուած է Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի կողմէ, բայց այս իրավիճակը կրնայ արագօրէն փոխուիլ։ Պէտք է ենթադրել, որ Պաքու կանաչ լոյս չունի նաեւ Թուրքիայէն…Մոսկուա, Թեհրան, Անգարա շուտով կը հանդիպին։ Նոյն ատեն Սէուտական Արաբիա կ’այցելէ Պայտըն։ Կը կրկնեմ։ Դժբախտաբար ներկայիս Հայաստան խաղաքարտեր չունի այս սակարկութեան մէջ դերակատար կարենալ ըլլալու համար։ Այս է իրականութիւնը։ Այն փաստը, որ Նիկոլը կը շարունակէ ըլլալ իշխանութեան գլուխ, ցոյց կու տայ, որ Հայաստան եւ Արցախ ձախողած են ի սկզբանէ։
Այս ականապատուած դաշտին վրայ, որո՞նք են հայկական կողմի հաւանական կարելիութիւնները։
Ներկայ դրութեամբ, գերտէրութիւններու վերոյիշեալ խաղակարգը խանգարողը կրնայ ըլլալ միայն ՀՀ Ընդդիմութիւնը։ Հայաստանն ու Արցախը այլ խաղաքարտ չունին։ Եւ պէտք է ընդունիլ, որ այս իսկ պատճառով Ընդդիմութեան ձախողութիւնը մեծապէս ճակատագրական բնոյթ ունի այսօր։ Հայաստանի եւ Արցախի հասարակութեան բոլոր շերտերը պէտք է այս բանը ճիշդ գնահատեն։ Իր կրաւորականութեամբ այս հասարակութիւնը կը դաշունահարէ միայն ինքզինք։ Այս հասարակութիւնը պիտի գիտնայ, որ հզօր Ընդդիմութիւնն է միայն իր ելքը։ Ինք ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ։ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԸ ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է։
Միւս կողմէ, կարեւոր է անդրադառնալ, որ Ընդդիմութիւնն ալ, իր կարգին, իր ներկայ «մկան»ներով շատ հեռու է որոշիչ զանգուած հանդիսանալէ։ Հետեւաբար ան կառավարելի է թէ՛ Փաշինեանի, թէ՛ թշնամիի եւ թէ մեծապետական ուժերուն կողմէ։ Առայժմ դաշտը կը պատկանի թշնամիին։ ՄԵԶԻ ՊԷՏՔ Է ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՄԿԱՆՈՒՏ ՄԷԿ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ։ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻ՛ՒՆ՝ ՈՐ Ի ՎԻՃԱԿԻ Է ԼԾԱԿ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱԼՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ։ Ընդդիմութի՛ւն՝ որ ի վիճակի է իրեն պարտադրուած փակուղին ճեղքելու։ Բարեբախտաբար այս զէնքը գոյութիւն ունի։
Այս զէնքը պէտք է արագօրէն ձեւաւորուի։ Ան պէտք է արագօրէն իր ռազմավարական դիրքերը գտնէ։ ՊԻՏԻ ԳԻՏԱԿՑԻՆՔ, որ մարտահրաւէրը դրուած է մեր առջեւ կենաց մահու եզրերով։ Հետեւաբար մեր հակադարձութիւնն ալ, իր կարգին, պիտի ըլլայ հզօր, անխնայ, անյապաղ, տեղաշարժային եւ վերջնական։
Կարօ Արմէնեան