Արժ.Տ.Յուսիկ Ա.Քհնյ.Սեդրակեանի «Վարք Քահանայից Բերիոյ Թեմի» մատեանին մէջ արձանագրուած է Տէր Դանիէլ Ա.Քհնյ.Գէորգեանի կենսագրական տուեալները:
1922 – 1998 երկարող իր կեանքի վերջին քառասուն տարիներուն իրեն հետ ապրած օրերէս դէպքեր գրի առնելով կ’ուզեմ ոգեկոչել անոր յիշատակը:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ.Ղեւոնդ Ս.Արք.Չէպէեանի (1956-1967) տնօրինութեամբ Տէր Վահան Քհնյ.Գրիգորեան Լաթաքիայէն Հալէպ կը փոխադրուի:
Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Տէր Դանիէլ Քահանայ Գէորգեան:
Տէր Դանիէլ լաւ ձայն ունէր, աշակերտներուս երգարուեստ պիտի ուսուցանէր:
Ան դասարան մտաւ ձեռքին ծաւալուն երգարան մը: Երգի դասը սկսաւ, երգեց, ապա իր գեղեցիկ ձեռագիրով երգին բառերը արձանագրեց գրատախտակին վրայ: Ինք կը կարդար, իսկ մենք դասարանով մէկ կը կրկնէինք բառերը: Առաջին երգը, որ սորվեցանք ու մինչեւ օրս հաճոյքով կ’երգեմ, բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի «Լեռներ Հայրենի»-ն էր:
Ախ ինչքա՜ն, ինչքա՜ն կարօտել եմ ձեզ, 
Սիգապանծ լեռներ հայոց աշխարհի,
Վազել եմ, յոգնել ձեր լանջերում ես,
Իմ լեռներ, լեռներ, լեռնե՛ր հայրենի:   
1963-ին Լաթաքիոյ Ազգ.Սրբոց Յակոբեանց վարժարանի նախակրթարանի տարեվերջի հանդէսը իր ջանքերով տեղի ունեցաւ Լաթաքիոյ Մշակոյթի կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ: Ամավերջի հանդէսները յաճախ մեծ ընդունելութիւն կը գտնէին լաթաքիահայերուն կողմէ:
Աւարտին բաժնուեցան նախակրթարանի վկայականները՝ տնօրէն տիրահայր Արամ Սարգիսեանի, կրթական տնօրէնին եւ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետին ներկայութեան:
Այդ տարիներուն, տէր հօր միջնորդութեամբ քաղաքի բոլոր դպրոցներու հայ աշակերտները 24 Ապրիլին արձակուրդ կը ստանային՝ ներկայ գտնուելու  մէկուկէս միլիոն նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութեան  ու յուշահանդէսին:
Տէր Դանիէլ զիս տեղեակ պահած էր, որ Թեմի Առաջնորդ Տէր Տաթեւ Եպս. Սարգիսեան (1967-1977) Լաթաքիա պիտի ժամանէր եւ Ս. Յարութեան տօնին առիթով Սուրբ Պատարագ մատուցէր:
Ինծի համար անմոռանալի պահ էր հանդիպումը տնօրէնիս՝ Արամ Սարգիսեանի եւ մանկապարտիզպանուհիիս՝ Սիրվարդ Փօլատեան-Սարգիսեանի  որդիին հետ, որ արդէն Առաջնորդն էր Բերիոյ Հայոց Թեմին:
Լաթաքիոյ Ազգ.Սրբոց Յակոբեանց վարժարանը նախակրթարան էր: Զայն աւարտելէս երկու տարի ետք, սեփական դպրոցները պետականա ցան եւ արգիլուեցաւ արաբերէնէն բացի այլ լեզուներու դասաւանդումը, սակայն հետագային հայկական դպրոցները Ազգային իշխանութեան եւ Առաջնորդին յատուկ ջանքերով բացառութիւն կազմեցին: Մեր դպրոցներէն ներս հայերէնը որպէս կրօնի, ծիսական արարողութիւններու լեզու արտօնուեցաւ դասաւանդել շաբաթական ութը դասապահի դրութեամբ: Այդ պահերուն կը դասաւանդուէր նաեւ հայոց պատմութիւն եւ կրօն:
Պետութիւնը բոլոր վարժարանները նոր անուամբ օժտեց, սակայն Լաթաքիոյ Ազգային իշխանութիւնը առաջարկեց Ազգ.Նահատակաց վարժարան կոչել մեր դպրոցը՝ ի յիշատակ հայ ազգի նահատակներուն:
Հայրենի գրող Վարդգէս Պետրոսեան , երբ կ’այցելէ Լաթաքիոյ միակ Ազգ.վարժարանը, օրին կը զարմանայ,թէ ինչպէ՛ս շաբաթական ութը դասաժամով հայերէն կ’ուսուցանուի: Տէր Դանիէլ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի եղած է արտօնութիւն ձեռքբերել:
Հետագային արձակագիրը իր հրատարակած գիրքերէն մէկուն մէջ կը գրէ այս մասին:
1987-ին, աւարտելով Հայաստանի Բժշկական համալսարանը, վերադարձայ ծննդավայրս՝ Լաթաքիա:
1991-ին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենադպիր նշանակուեցայ:
Տէր Դանիէլ մշտապէս կը գործակցէր թաղականութեան հետ: Ան յատուկ հրճուանք մը կ’ապրէր, երբ Թեմի Առաջնորդ Տ.Սուրէն Ս.Արք.Գաթարոյեան զինք կը ներկայացնէր ըսելով՝ «Լաթաքիոյ Պատրիարք»: Իսկապէս ալ իւրայատուկ էր իր աշխատանքը: Տէր հայրը իւրաքանչիւր հարցի լուծումը ունէր:
Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան շրջանին նկատեցի, որ ձիթապտուղի ձէթ կը բաժնէ գործաւորներուն, երբ հարց տուի թէ ուրկէ՞ ապահոված է զայն, ըսաւ որ տեղացի իսլամ մը նուիրած էր, որպէսզի աղօթէր, որ իր փափաքը կատարուէր ու մանչ զաւակ մը ունենար: Իսլամներն անգամ պատկառանքով կը յիշեն տէր հայրը:
Իր  օրերուն Ս. Աստուածածին եկեղեցին անուանակոչութեան տօն ունեցաւ: Նոյեմբերի վերջին Կիրակին Հարիսայի պատրաստութեան անձամբ կը հետեւէր: Առաջնորդ Սրբազանին առաջարկով կ’երգէր «Լեռներ Հայրենի» երգը:
Փափկանկատ էր ու ծառայասէր: Օրին մէկը հայոց քեմփը բնակող ծերունի մը մահացած էր: Տէր հայրը չվարանեցաւ մեկնիլ մինչեւ քեմփ, ինծի ալ թելադրեց եկեղեցւոյ շապիկ հագնիլ ու  յուղարկաւորութեան թափօրի խաչը բարձրացնել: Շատ երկար էր ճամբան քաղաքի կեդրոնէն մինչեւ ծայրամաս՝ հայոց գերեզմանատուն: Երիտասարդ տղաք չորս հոգիով դագաղը ուսերնին բարձրացուցած տէր հօր ընկերակցութեամբ ու աղօթքով քալեցին մինչեւ գերեզմանատուն:
Լաթաքիոյ հոգեւոր քաջ հովիւն էր ան: Հովիւ մը, որ ունեցաւ քառասուն տարիներու ծառայութիւն:
Կը յիշեմ, երբ աւարտած էր Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահի նորոգութիւնը, թաղականութիւնը սառնարանի մը կարիքը մատնանշեց: Ժողովի ընթացքին տէր հայրը ըսաւ. «Ես եւ տոքթոր Նորայրը  սառնարանը կ’ապահովենք բարերար Սուպհի Ժուտէն»: Այդպէս ալ եղաւ:
Տէր Դանիէլ արաբախօս հայ ծնողներու զաւակներուն հայկական անուն կուտար, մկրտութեան տոմարին մէջ կը գրանցէր երկու անուն՝ ծննդեան եւ աւազանի անունները:
Տարուէ տարի տարիքը կ’առնէր, բայց երբեք չէր ուզեր հանգստեան կոչուիլ:
Թոռնիկը յաճախ եկեղեցի կը բերէր, կը փափաքէր, որ դպիր ըլլայ ան: Ու այդպէս ալ եղաւ: Թոռնիկը՝ Դանիէլը, եկեղեցւոյ սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ ու մինչեւ օրս իբր սարկաւագ կը ծառայէ եկեղեցւոյ: Իր աշակերտներն են սարկաւագներ՝ Լեւոն Սարգօն, Վարդան Պետրոսը, Յարութիւն Մաքինաճեանը եւ ուրիշներ:
1998-ին  մէկ շաբաթով Հայաստան մեկնած էի, վերադարձիս  հետս բերի Սուրբ Էջմիածնի վանքին այգիէն երկու դեղձ, միասին կերանք, խորհրդանշական էր իրեն համար Էջմիածնի հողէն աճած պտուղն անգամ:
Յաջորդ շաբաթ անհանգիստ էր: Երիտասարդ իր գիւղակիցը՝ եագուպիէցի Արմէն Հատտատը մահացած էր: Շատ յուզուեցաւ եւ որոշեց անձամբ կատարել յուղարկաւորութիւնը: Թաղականութեան բոլոր ջանքերը զինք չյոգնեցնելու եւ իր փոխարէն Քեսապի քահանայ  Տէր Արամ Գլնճեանին վստահելու արարողութիւնը ի թերեւ ելան:
Յուղարկաւորութենէն վերադարձին վատացաւ, անմիջապէս քաղաքի նշանաւոր հիւանդանոցը փոխադրուեցաւ: Բժիշկներու միջամտութիւնը միայն քանի մը ժամ երկարաձգեց անոր կեանքը:
Հալէպէն Լաթաքիա ժամանեց Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ.Սուրէն Ս.Արք.Գաթարոյեան ու կատարեց տէր հօր վերջին օծումը:
Տէր Դանիէլը փոխարինեց Տ.Վազգէն Քահանայ Քէօշկէրեան,որ շրջան մը ետք իր ծառայութիւնը շարունակեց Պարսկաստանի Հայոց Թեմէն ներս:
Այնուհետեւ տասը տարիներ որպէս  Լաթաքիոյ  հոգեւոր հովիւ իր ծառայութիւնը մատուցեց Տէր Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան: Թեմի Առաջնորդ  Տ.Շահան Ս.Արք.Սարգիսեանի տնօրինութեամբ, այնուհետեւ Տէր Վազգէն Քհնյ.Քէօշկէրեան կրկին հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ:
Ներկայիս, Բերիոյ  Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ.Եպս. Զօպուեան կը շարունակէ անսասան պահել Բերիոյ Հայոց Թեմը, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բարձր հովանաւորութեամբ:
Այս տարի տէր Դանիէլի երկնային կեանքին 25-ամեակն է, իսկ ծննդեան 100-ամեակը:
Վախճանեալ տէր Դանիէլ քաղցր յիշատակներով անմահացած է լաթաքիացիներուն սրտին ու հոգիին մէջ: Թող այս մանրապատումը երախտագիտութեան խօսք ըլլայ՝ նուիրուած իր անմեռ յիշատակին:
Տոքթ.Նորայր Մանճեան