Եթէ տասնամեակ մը առաջ ըլլար, պիտի գրէի՝ «Քարթուն ֆիլմերն ու երեխաները»: Այսօր սակայն ոչ միայն քարթուն ֆիլմերը – իրենց բիրտ տեսարաններով, այլազան զէնքերով եւ անմարդկային հերոսներով – այլ նաեւ մնացեալ բոլոր թուայնացուած միջոցները կը սպառնան մեր երեխաներուն ֆիզիքական առողջութեան եւ հոգեկան կայունութեան:
Միշտ ալ վեր առած եմ հեքիաթներուն եւ զանոնք պատմող մեծ մայրերուն դերը երեխաներու կեանքին մէջ: Հակառակ անոր, որ մեծ մայրերը հիմա արդէն շատ երիտասարդ են եւ համեմատօրէն գիտակ արդի խաղերուն, բայց անոնց ալ համբերութիւնը կարճցեր է եւ կարծես բնաւ պատրաստ չեն հեքիաթ ու պատմութիւն պատմելու իրենց թոռներուն:
Մեր՝ Սփիւռքի, կարգ մը գաղութներուն կարգ մը միութիւնները հեռատես եւ իմաստուն եղած են «հեքիաթի ժամ»ով գրաւելու փոքրիկները եւ ձեւով մը լեցնելու անհեքիաթ առօրեային պարապը:
Բայց ինչո՞ւ վախնալ թուայնացուած խաղերէն կամ քարթուն ֆիլմերէն, երբ անոնք դիւրաւ կը հանդարտեցնեն փոքրերը եւ զբաղ կը պահեն զանոնք երկար ժամանակի համար:
Պէտք է սակայն եւ անպայմա՛ն նկատի առնել այս միջոցներուն ժխտական ազդեցութիւնն ու ծանր հետեւանքները մեր փոքրերուն համար եւ ըստ այդ կարգաւորել (կամ սահմանափակել) հեռատեսիլին եւ թուայնացուած խաղերուն յատկացուած ժամանակը:
-Այս ֆիլմերն ու խաղերը բռնութիւնն ու բրտութիւնը բնական եւ ընդունելի կը դարձնեն.
-Կրկնուող, իրապաշտ եւ անպատիժ բրտութիւնը շատ հաւանաբար նմանակուին մանուկներուն կողմէ.
-Բիրտ քարթունները կրնան փոքրերը մղել անհնազանդութեան, ջղային վիճակի եւ յարձակողականութեան.
-Այս ֆիլմերն ու խաղերը փոքրերը անզգամ կը դարձնեն ուրիշներու ցաւին եւ իրենց շուրջ կատարուող բրտութեան հանդէպ.
-Փոքրերուն համար նման ֆիլմերու կամ խաղերու հերոսները իրենց կեանքին տիպարները կը դառնան, իսկ բրտութիւնը կը սկսի մաս կազմել խառնուածքին:
-Նման ֆիլմեր դիտելէ եւ խաղեր խաղալէ ետք փոքրերը կը սկսին մինակ մնալէ եւ մութ տեղերէ վախ զգալ.
-Փոքրերը կը սկսին համոզուիլ, թէ ճիշդ է թշնամիները ջախջախելն ու սպանելը.
-Կը դառնան մենակեաց, կը հեռանան ընկերային կեանքէ, կը դադրին իրենց տարեկիցներուն հետ խաղալէ եւ ժամանակ անցընելէ.
-Կը դառնան մոլին այս ֆիլմերուն եւ խաղերուն.
-Շատակերութեան եւ գիրութեան (obesity) վտանգին ենթակայ կը դառնան, որովհետեւ թէ՛ ծանուցումները, թէ՛ հեռատեսիլին առջեւ նստած ուտելու հաճոյքը հոն կ’առաջնորդեն, մանաւանդ եթէ փոքրիկը ընդհանրապէս ուտելու դժուարութիւն ունի եւ մայրը քարթուն ֆիլմերու կը դիմէ, փոքրիկին ուտել ստիպելու համար:
Այս կէտերէն իւրաքանչիւրին մասին կարելի է երկար խօսիլ:
Հիմա պիտի ըսէք, թէ այս ֆիլմերն ու խաղերը, այսքան ժխտական ազդեցութիւններու եւ հետեւանքներու կողքին լաւ կամ դրական ազդեցութիւն չունի՞ն: Ունի՛ն.
-Աշխարհին եւ կեանքին մասին կարծիք կազմել.
-Լեզու սորվիլ եւ բառապաշարը հարստացնել.
-Ընկերային օրէնքներու մասին գաղափար կազմել.
-Խմբային աշխատանքի հանդէպ հետաքրքրութիւն ունենալ.
-Երեւակայութիւնը խթանել.
-Դրական հերոսները որպէս տիպար դիտել.
-Հաճելի պահեր ունենալ.
-Սորվիլ թէ ծերերուն, անկարներուն եւ դժբախտ մարդոց պէտք է օգնել.
-Բաժնեկցիլ սորվիլ.
-Շրջապատի վտանգներուն հանդէպ զգոյշ ըլլալ.
Ինչպէ՞ս կարելի է հակակշռել այս ֆիլմերուն եւ խաղերուն ազդեցութիւնը:
Գիտէք թէ փոքրերը երբ իրենց համար նոր երեւոյթ մը տեսնեն, անհամար հարցադրումներ կ’առաջանան իրենց միտքին մէջ: Ծնողքին դե՞րը: Ներկայ ըլլալ փոքրերուն կողքին եւ պատասխանել անոնց հարցումներուն, ուղղել անոնց մտածումները դէպի ճիշդը, կարճ նախադասութեամբ մը անդրադարձնել, որ, օրինակ Ճէրի մուկին ըրածները Թոմի կատուին հանդէպ այնքան ալ ընկերական չեն եւ թէ ընկերները նման բաներ պէտք չէ ընեն իրարու եւ այլն:
Եւ ինչպէս ամէն բան, ֆիլմերն ու խաղերը եւս պէտք է չափաւոր կերպով օգտագործել, մոլութեան չհասնելու համար. իսկ մոլութիւնը, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր առանցքը, միայն ու միայն ժխտական է:
Մարուշ Երամեան