Արամօն (Արամայ, Արամին) կը գտնուի Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Լաթաքիոյ (ԱԼ-ԼԱԶՔԻԷ) նահանգին արեւելեան կողմը (Բանբեր Ե.Հ.Հայ.Գիտ.Պատ. 2921No2-20-44 Յակոբ Չոլաքեան-Արամօ գիւղի մօտիկ հայոց վանքը)։
Լաթաքիացի  պատմաբան, Լաթաքիոյ թանգարանի տնօրէն Հայտար Նայսէ կը գրէ. «Արամօ անունը ասորերէն է, ասորիական, եղած է բնական ապաստարան գիւղացիներուն, որոնք փախած են Օսմանեան Կայսրութեան հալածանքներէն»:
Ըստ իրեն. «Ասորերէն Արամօ-Արամա կը նշանակէ ցորեն կամ քարերու կուտակում: Ժայռափոր քարայրներուն մէջ ցորեն կ’ամբարուէր»:
Իմ տեղեկութիւնները Արամոյի անուան մասին քաղած եմ արամոցի Խալիլ Տարուսէն: Ան եւ քոյրը հետս խօսած են Արամոյի բարբառով: Այդ բարբառը Քեսապի, Մուսա լերան, Ղնեմիէի բարբառներուն նման է: Ըստ Խալիլ Տարուսի,- որ մինչեւ իր մահը Արամոյի եկեղեցւոյ պահապանը, դպիրը, թաղականութեան ատենապետը եղած է (իսկ այժմ իր որդին՝ մեթր Ներսէս Տարուս),- Արամօ գիւղը Արամ անունով սիրուած քահանայ մը ունեցած է, որուն անունով ճանչցուած է:
Իմ ուսումնասիրութիւններուն եւ պատմաբաններու տեսակէտին համաձայն, ծովափնեայ հայութեան ներկայութիւնը այնտեղ կ’երկարի մինչեւ Հայոց արքայ Մեծն Տիգրան եւ մինչեւ Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութիւն ու մինչեւ մեր օրերը:
Արամոյի հայ բնակչութիւնը ներառուած է  Օսմանական Կայսրութեան աքսորի հրամանին մէջ: Աքսորուած է դէպի Սուրիոյ Հոմս, Համա քաղաքները: Ունեցած է կորուստներ եւ անմարդկային վերաբերմունքի արժանացած գաղթի կարաւաններուն ուղեկցած թուրք ասկեարներու կողմէ:
Տարիներ ետք, ողջ մնացածները վերադարձած են Արամօ: («Գանձասար», «արաբերէն Ազդակ» Ն.Մ.):
20-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ ականատեսը եղած եմ Արամոյի եւ արամոցիներու հայկական կեանքին:
Ամէն տարի 15 Օգոստոսի մօտիկ Կիրակին այնտեղ կը յիշատակուէր Սուրբ Աստուածածնայ տօնը: Ազդակ օրաթերթ «50 տարի առաջ» իր բաժինով կը յիշէ. «Թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ Սրբազանին խօսքերը արաբերէնով փոխանցեց Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ Քհնյ.Գէորգեան»:
Սրբազանը կը ժամանէր Արամօ, Շաբաթ առաւօտեան կը կատարէր Սուրբ Պատարագը, ապա կը մեկնէր Քեսապ:
Ամէն տարի Օգոստոս ամսուն կը տօնուի Աստուածածնայ տօնը եւ այդ օրը Արամոյի Ս.Պատարագը կը  մատուցանէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը: Արամօ պատարագ մատուցած են՝ Ղեւոնդ սրբազանը, Տաթեւ սրբազանը, Սուրէն սրբազանը, Շահան սրբազանը եւ Մասիս սրբազանը:
Լաթաքիոյ Թաղականութեան խորհուրդի անդամ ըլլալէ ետք, Ս. Աստուածածնայ տօնին ընտանեօք կը մեկնէինք Արամօ:
Առաջին մեկնումիս, պատահմամբ մեքենավարը արաբ դասընկերս էր: Երբ իմացաւ, որ Արամօ կ’ուղղուինք, պատմեց. «Անցեալ տարի փոքր երեխայիս  ոտքերը թոյլ էին, բերինք զինք Արամոյի ժայռափոր ուխտատեղին, Սուրբ Գէորգ, քրիստոնեայ արաբները կ’ըսեն Մար Ճրճոս, իսկ իսլամ ալեւիները Խըտր եւ այնտեղ երկու օր մնաց մօրը հետ: Փառք Աստուծոյ, օգտուեցաւ»: Սուրբ Գէորգի ուխտատեղիին մասին այս վկայութիւնը զիս ոգեւորեց:
Արամոյի եւ Լաթաքիայէն նախօրօք ժամանած երիտասարդներ Ուրբաթ օրուընէ Արամոյի  եկեղեցի կը ժամանէին: Կը պատրաստուէր աւանդական հարիսան եւ մինչեւ արեւածագ ուրախութիւն, շուրջպար տեղի կ’ունենար:
Սուրէն սրբազանի առաջնորդութեան տարիներուն ամէն տարի այս ուխտագնացութիւնը կը կազմակերպուէր անպայման:
Սրբազանը, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչին հետ ճամբայ կ’ելլէր Հալէպէն դէպի Արամօ: Լուսաբացին կը հասնէին Արամօ: Կը դիմաւորուէին անհամբեր սպասող հաւատացեալներու կողմէ: Սրբազանը կը կատարէր Սուրբ Պատարագը, կը քարոզէր, եւ կ’օրհնէր հարիսան, ապա հանդիպում կ’ունենար Արամոյի թաղականութեան հետ ու կը զրուցէր անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններու յաղթահարման շուրջ:
1994-ին, Արամոյի թաղականութիւնը խնդրեց Սրբազանէն սրահ մը կառուցել տալ, որպէսզի օգտագործուի բոլոր առիթներուն:
Սուրէն Սրբազանը, որ կոչուած էր շինարար Սրբազան խոստացաւ հետապնդել այս առաջարկին իրագործման կարելիութիւնները, ապա ուղղուեցաւ Քեսապ:
Շաբաթ մը ետք, Ազգ. Առաջնորդարանը կ’որոշէ հինգ հարիւր հազար ս.ո. տրամադրել Արամոյի եկեղեցւոյ սրահի կառուցման համար: Մէկ տարուան ընթացքին սրահին կառուցման գործերը կ’աւարտին:
Նոյն տարին կ’իմանանք, որ Ս.Գէորգ սրբավայրի խաչքարը Ճերմակ կիրով ներկուած է: Լաթաքիոյ հայոց թաղական խորհուրդը, որ կառավարութեան հետ լաւ յարաբերութիւններ ունէր բողոքագիր մը կը ներկայացնէ նահանգապետին:
Թաղական խոհուրդի ատենապետ երկրաչափ Պօղոս Ղազարեան, որ նոյն ատեն Լաթաքիոյ փոխնահանգապետն էր, պետութեան կողմէ լիազօրուած յանձնախումբ մը կ’ուղարկէ Արամօ: Կ’որոշուի այդ տարածքի թափուն իբր կալուած յանձնել Բերիոյ Հայոց Թեմին:
Արամօ գիւղին մէջ կալուած եւ հողատարածք ունին Տարուս, Շավիթոյ, Ֆարահ, Խալիլ, Գազանճի եւ Ֆարահ ընտանիքները: Ասոնք հին հայեր են, արաբախօս, սակայն  նոր սերունդը հայախօս է, կ’ուսանի կամ կ’աշխատի Լաթաքիա, սակայն կը մնայ կառչած իր բնակավայրին:
Այս ընտանիքներուն մէկ մասը դատարանի դիմելով  իրենց մականունները հայացուցին: Այսպէս՝ Ֆարահը-Յարութիւնեան, Գազանճին-Գազանճեան, Խիչան-Խաչատուրեան:
Արամոյի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ անունը Սուրբ Ստեփանոս է, քրիստոնեայ առաջին նախավկային անունով: Եկեղեցին հնադարեան է, կառուցուած է 1267-ին:
Արամոյի հայերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայաբնակ ծովափնեայ շրջաններու՝ Քեսապի, Ղնեմիէի եւ Եագուպիէի հայերը ծաղկուն շրջան ապրեցան մինչեւ 2011 թուական, երբ «արաբական գարուն» կոչուած սեւ, կործանիչ ալիքը եկաւ քանդել ամէն ինչ:
Ահաբեկչական զինեալ խումբեր փորձեցին գրաւել Արամօն:
Խաղաղ բնակիչները հեռացան ու գիւղը սաստիկ յարձակումի ենթարկուեցաւ:
Ահաբեկիչներու անընդհատ յարձակումները ետ մղուեցան  շնորհիւ սուրիական բանակին եւ ժողովրդական ուժերուն: Ահաբեկիչները չկրցան տիրանալ Արամոյին, հետեւաբար եկեղեցին զերծ մնաց քանդումէ:
Արամօն ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր կը վայելէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հովանաւորութիւնն ու  հոգատարութիւնը:
Լաթաքիոյ եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան սրբազանին հովանաւորութեամբ կը ծառայէ եկեղեցւոյ ծուխին:
Սուրիոյ ժողովուրդը համբերութեամբ կը սպասէ բռնագրաւուած բոլոր տարածքներուն ազատագրումին:
Տոքթ. Նորայր Մանճեան